Ճատրակ. Աթէնքի Մէջ Աւարտեցաւ 20 Տարեկանէն Վար Աշխարհի Ախոյեանութիւնը

Սամուէլ Տէր Սահակեան

Հայկական լրատու աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Աթէնքի մէջ աւարտած 20 տարեկանէն վար ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան 13-րդ եւ վերջին հանգրուանին, հայ ճատրակ խաղացողները անյաջող արդիւնքներ արձանագրելով նահանջեցին վերջնական դասաւորման մէջ:

Սամուէլ Տէր Սահակեան պարտութիւն կրելով Եարոսլաւ Զհերեպուխէն, 9 կէտով գրաւեց 6-րդ դիրքը: Կարէն Գրիգորեան, որ պարտուեցաւ Միհայիլ Անթիփովէն, 7 կէտով հանդիսացաւ 41-րդ: Վերջապէս, Վահէ Պաղտասարեան, որ պարտուեցաւ Ուլվի Պաժարանիէն, ախոյեանութիւնը աւարտեց 49-րդ դիրքին վրայ (7 կէտով):

Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցաշարքին, Շուշանա Սարգսեան 5,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ 49-րդ:

Տղոց ախոյեան հանիսացաւ Ալեքսանտր Իփաթով (10 կէտով), իսկ աղջկանց ախոյեան Քի Կուօ (9,5 կէտով):

Տղոց մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 130 ճատրակ խաղացողներ, իսկ աղջկանց պարագային` 66:

Share this Article
CATEGORIES