Ճատրակ. Գէորգ Յարութիւնեան Տիտղոսակիր` Իրանի Մէջ

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջէն (Armchess.am) կը տեղեկանանք, որ հայրենի կրանտմասթըր Գէորգ Յարութիւնեան տիրացաւ Շիրազի մէջ (Իրան) տեղի ունեցած Ռամատանի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին` առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովելով 8 կէտ:

Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերած են տարբեր երկիրներէ ժամանած 88 ճատրակ խաղացողներ:

Share this Article
CATEGORIES