Ֆութպոլի Միջազգային Բարեկամական Մրցումի Մը Ընթացքին Հայաստան Պարտուեցաւ Պիելոռուսիայէն` 2-1 Արդիւնքով
Նախանցեալ օր` չորեքշաբթի, 15 օգոստոսին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կատարեց իր բարեկամական վերջին մրցումը` նախքան 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին իր սկսիլը:
Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ Հայաստան, որ հիւրընկալեց Պիելոռուսիան, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Հակառակ անոր որ մրցումին ամբողջ ընթացքին հայրենի կազմը առաւելութիւն ունեցաւ իր մրցակիցին վրայ, սակայն կոլ չկարենալով նշանակել, ձախողեցաւ յաղթանակ արձանագրել:
Հիւր կազմը իր յաղթանակը կերտեց շնորհիւ Ռենան Պրեսանի նշանակած երկու կոլերուն (45-րդ եւ 66-րդ): Մինչ մրցումին երրորդ կոլը նշանակեց դարձեալ Պիելոռուսիոյ մարզիկներէն Տիմիթրի Վերխովցով` սխալմամբ իր բերդին մէջ (74-րդ):
CATEGORIES Մարզական

