Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Դարձեալ Պատերազմի Մասին Խօսեցաւ
«Մարմարա» կը գրէ, որ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ հանդիպում մը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Օքլահոմա նահանգի բանակի հրամանատար զօրավար Մայլս Տիրինկի հետ, որ Ազրպէյճան կը գտնուէր: Ան հանդիպման ընթացքին ըսաւ, որ Ազրպէյճանի հողամասերուն 20 առ հարիւրը աւելի քան 20 տարիէ ի վեր կը գտնուի Հայաստանի գրաւման տակ:
Նախարարը շրջանի զինուորական կացութեան մասին տեղեկութիւններ տուաւ եւ ըսաւ, որ իր երկիրը քսան տարիէ ի վեր աշխատանք կը տանի, որպէսզի խաղաղ միջոցներով լուծուի ղարաբաղեան հարցը, բայց Հայաստան ցարդ դրական որեւէ քայլ չառաւ: Մինսքի խմբակն ալ չկրցաւ յստակ լուծում մը ապահովել: «Հայաստանի անզիջող կեցուածքը մեզ օրէ օր աւելի կը մօտեցնէ պատերազմի մը», ըսաւ Ապիեւ:
CATEGORIES Հայկական