«Նախորդ Երկու Օրերու Իրադարձութիւնները Հակակշիռէ Դուրս Էին, Հետեւաբար Բոլորը Իրենց Պատասխանատուութիւնները Պէտք Է Ստանձնեն» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
Երուսաղէմի միջազգային օրուան առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին որոշեց դուրս գալ իր լռութենէն եւ անդրադառնալ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին:
Այս հարցին շրջագիծին մէջ ան հաստատեց, որ Հըզպալլա ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի առեւանգող կողմին մասին: Ան աւելցուց, որ նոյնիսկ պատկերասփիւռի կայաններէն երեւցող անհատները կրնան կապ չունենալ առեւանգող կողմին հետ:
«Շատ անգամ պատահեցաւ, որ մարդիկ պատկերասփիւռի կայաններէն ներկայացան իբրեւ թէ իրենք Հալէպի կամ Հոմսի մէջ են, սակայն աւելի ուշ փաստուեցաւ, որ անոնք Լիբանանի մէջ են եւ Պէյրութի մէջ նկարուած են», ըսաւ ան:
Տեղեկատուութեան եւ յատկապէս լսատեսողական լրատուամիջոցներուն աշխատանքին անդրադառնալով` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարին իմաստով անոնց դերակատարութիւնը ցաւալի էր ու խոցելի, որովհետեւ անոնք իրադարձութեան հետ կը վարուէին իբրեւ զգայացունց յատուկ լրատուութիւն` անտեսելով 11 ընտանիքի զգացումները:
«Այս լրատուամիջոցները Աստուծմէ չեն վախնար: Անոնք, որոնք այս սխալին մէջ ինկած են, Աստուծմէ վախ չունին, իսկ ես Երուսաղէմի օրուան` իրաւունքի օրուան ընթացքին ձեզմէ կը խնդրեմ, որ Աստուծմէ վախնաք: Երեւակայեցէք, որ առեւանգեալներուն ընտանիքները պատկերասփիւռին դիմաց կը հետեւին լուրերուն ու յայտագիրներուն, եւ յանկարծ անոնք լրահոսներուն ընդմէջէն կը յայտարարեն, թէ 11 առեւանգեալները մահացած են. ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ համբերութիւն մնայ եւ բանականութեամբ վարուին անոնք», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան աւելցուց, որ նման յայտարարութիւններու յաջորդող ընդվզումի քայլերէն ետք, կարգ մը «փիլիսոփաներ» հարց կու տան, որ Ամալ շարժումը եւ Հըզպալլան ո՞ւր են, ի՞նչ կ՛ընեն եւ ինչո՞ւ չեն կրնար զանոնք զսպել:
«Ես շատ անկեղծ եւ կատարեալ յստակութեամբ կ՛ուզեմ ըսել, որ նախորդ երկու օրերուն արձանագրուած պատահարները մեր` Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի հակակշիռէն դուրս էին: Այս իրականութիւնը պէտք է իմանան Լիբանանի կառավարութիւնը, Ազգային երկխօսութեան նիստը, Լիբանանի Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդը եւ բոլոր լիբանանցիներն ու լիբանանեան քաղաքական ուժերը: Այս ձեւի լրագրութեամբ եւ այս ձեւի անմարդկային վերաբերումով ստեղծուած է շրջանակ մը, որ հակակշիռէ դուրս է, եւ բոլորը պէտք է այլեւս ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները», ըսաւ ան:
Ան նշեց նաեւ, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը վերածուած է մարդկային աղէտի եւ քաղաքական հսկայ շանթաժի:
Իր խօսքը ուղղելով Իսրայէլի` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ բոլորը քաջ գիտեն, թէ Իրանի պատասխանը ցնցիչ եւ ահարկու պիտի ըլլայ, եթէ Իսրայէլ թիրախ դարձնէ Իրանը: «Արդեօք Իսրայէլ Իրանի պիտի ներկայացնէ՞ պատմական ոսկեայ առիթը, որուն մասին Թեհրան կ՛երազէ 32 տարիէ ի վեր», հարց տուաւ ան:
Շարունակելով Իսրայէլի մասին իր յայտարարութիւնները` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ իրենք ունին շարք մը թիրախներ, որոնք շատ չեն եւ արդէն իսկ բազմաթիւ թիրախներու կարիքը չկայ: «Կարելի է կարգ մը հրթիռներով եւ քիչ թիւով հրթիռներով հարուածել իսրայէլեան այդ թիրախները, որոնց անունները չեմ ուզեր նշել, եւ հարիւր հազարաւոր իսրայէլացիներուն կեանքը իսկական դժոխքի վերածել», ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:
Ան կոչ ուղղեց նաեւ զգուշանալու Լիբանանի շուրջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն, յատկապէս Սուրիոյ տագնապին զարգացումներէն