Պըրրի Ընդունեց Միքաթին Եւ Կոչ Ուղղեց Աշխարհին Արգիլելու Երուսաղէմի Հրէականացումը

Միքաթի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, Ֆիթրի տօնին առիթով Պըրրի շնորհաւորագիրներ յղեց թագաւորներու, նախագահներու, ղեկավարներու եւ խորհրդարանի նախագահներու` շնորհաւորելու համար զանոնք:

Պըրրի իր շնորհաւորագիրին մէջ կոչ ուղղեց միասնականութեան եւ սադրանքներուն դէմ պայքարելու, ինչպէս նաեւ մաղթեց, որ արաբական եւ իսլամական աշխարհը ըլլայ կայուն եւ բարգաւաճ:

Ան շեշտեց, որ նկատի ունենալով շրջանային եւ տեղական իրավիճակը, ինք Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորութիւններ պիտի չընդունի:

Նշենք, որ Երուսաղէմի օրուան առիթով Պըրրի հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ողջունեց պաղեստինցի ժողովուրդը եւ անոր պայքարին զօրակցութիւն յայտնեց:

Ան կոչ ուղղեց միջազգային կազմակերպութիւններուն վերջ տալու Երուսաղէմի հրէականացումին:

Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Թամմամ Սալամ, նախկին երեսփոխան Նաժահ Ուաքիմ եւ Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Մոհամետ Թուֆիք:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )