ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՑԱՒԱԿՑԻ ՔՈՒԷՅԹԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ցաւակցագիր մը յղեց Քուէյթի շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ իշխանին` քուէյթցի անուանի գործարար եւ բարերար շէյխ Նասեր Խուրաֆիի մահուան առիթով:

Խորհրդարանի նախագահը խոր ցաւ յայտնեց Խուրաֆիի կորուստին համար` շեշտելով, որ ան դարձած էր արաբական դատին մնայուն պաշտպանը եւ ընդմիշտ գործած էր ի խնդիր իսլամական եւ արաբական միասնականութեան` դիմադրելով այն սադրանքներուն, որոնք կը սպառնան արաբ ժողովուրդին:

Խորհրդարանի նախագահը ցաւակցագիր մը յղեց նաեւ Քուէյթի խորհրդարանի նախագահ շէյխ Ժասեմ Խուրաֆիի եւ գուժեց անոր եղբօր` Նասեր Խուրաֆիի մահը:

Պըրրի բարձր գնահատեց Խուրաֆիի կատարած օժանդակութիւնները, յատկապէս 2006-ի յուլիսեան պատերազմէն ետք անոր կատարած օժանդակութիւնները` հարաւային Լիբանանի վերակառուցման առումով:

Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոր` Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ գտնուող լիբանանցիները Պէյրութ փոխադրելու նպատակով Իրանի տրամադրած օդանաւերուն համար:

Կառավարութեան կազմութեան ծիրին մէջ, «Նահար» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կ՛ընթանայ կրիայի մը արագութեան հեւքով` աւելցնելով սակայն, որ անձրեւաբեր աղօթքէն եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի նախագահական պալատ այցելութենէն ետք սկսած են անձրեւի կաթիլներ երեւալ:

Նշենք, որ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է հրաժարելու որեւէ նախարարութենէ` ընդգծելով, որ ինք ոչ մէկ արգելք ունի նաեւ պետական նախարարութիւններ ստանձնելու իմաստով:

Share this Article
CATEGORIES