ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑ «ՈՒԻՔԻԼԻՔՍ»Ի ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ

Նախագահական պալատը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կը զգուշացնէ «Ուիքիլիքս» կայքէջին հրապարակած տեղեկութիւններէն, որոնք անճիշդ են, կտրատուած եւ հիմնուած անհիմն վերլուծումներու վրայ:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ նման տեղեկութիւններ կը միտին լիբանանցիներուն միջեւ բաժանումի սերմեր ցանել:

Ան շեշտեց, որ ազգային հարցերուն վերաբերող իր կեցուածքները կը բխին իր համոզումներէն, սկզբունքներէն եւ երկրին գերագոյն շահերը պաշտպանելու իր դերակատարութենէն:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ հանրապետութեան նախկին նախագահ զօր. Էմիլ Լահուտի հետ իր յարաբերութիւնը սիրոյ եւ յարգանքի վրայ հիմնուած է` աւելցնելով, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ Հըզպալլային հետ իր յարաբերութիւնները հեզասահ են եւ գժտութեան ու ընդդիմութեան վրայ հիմնուած չեն, այլ` գործակցութեան եւ համադրումի:

Նշենք, որ «Ուիքիլիքս» կայքէջին կողմէ հրապարակուած նոր տեղեկութիւններուն մէջ նշուած էին պաշտպանութեան գործավար նախարար Էլիաս Մըրի կողմէ նախագահ Սլէյմանի կատարած յայտարարութիւնները:

Ըստ այդ տեղեկութիւններուն, նախագահ Սլէյման ընդգծած է, որ ինք մինչեւ վերջ պիտի պայքարի Հըզպալլայի դէմ. ան աւելցուցած է, որ միակ նուէրը, որ Հըզպալլա իրեն ներկայացուցած է` հանրապետութեան նախագահութիւնն է:

Share this Article
CATEGORIES