«Հալէպահայութիւնը Ինքն Է Տէրը Իր Ճակատագիրին» «Երկիր Մետիա»-ին Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան
Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան երէկ «Երկիր Մետիա»-ի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին անդրադառնալով Հալէպի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն յայտնեց, որ պայթումներն ու կրակոցները դարձած են ամէնօրեայ եւ սովորական ու կը շարունակուին գրեթէ օրուան որեւէ մէկ ժամուն: Ան նշեց, որ քաղաքի կեդրոնական մասերուն մէջ իսկ երբեմն-երբեմն կը լսուին դէպքեր: Ան իբրեւ օրինակ նշեց նախանցեալ օր առաւօտեան տեղի ունեցած պայթումը պատկերասրահի մը մօտ, ինչպէս նաեւ յետմիջօրէին Նոր Գիւղի մուտքին` Գաբրիի շրջանը ռումբի մը պայթումը, որ յառաջացուց հրդեհ մը, որ պատճառ դարձաւ կարգ մը նիւթական վնասներու, ինչպէս` շէնքերու եւ ինքնաշարժներու վնասներու:
Ռէյիսեան ընդգծեց, որ հայերը որեւէ մարդկային կորուստի դէպք չունեցան: Ըստ անոր, քաղաքը իր ընդհանուր վիճակին մէջ որոշ բարելաւում մը արձանագրած է, ինչպէս ծառայողական բաժինները բարելաւուած են, ելեկտրականութիւնը, մաքրութիւնը, սակայն հաղորդակցութեան միջոցները չեն գտած իրենց բնականոն ընթացքը: Ան աւելցուց, որ սղաճը դարձած է լուրջ մտահոգութիւն ամբողջ ժողովուրդին համար:
Ազգային Առաջնորդարանի բանբերը նշեց, որ Ռամատանի ծոմապահութեան ամիսը գրեթէ հասած է իր աւարտին եւ քանի մը օրէն իսլամ աշխարհը կը նշէ ֆիթրի տօնը: Եւ այս առնչութեամբ յառաջիկայ օրերուն նկատմամբ մարդիկ սպասողական վիճակի մէջ կը գտնուին, անոնք զգուշ են եւ հակառակ մշուշի մէջ գտնուելնուն կը փորձեն դիտել վաղը` յոյսը:
Ան այս բոլորին մէջ ուզեց նշել այլ կէտ մը, որ կը վերաբերի լրատուական գործակալութիւններուն եւ լրագրողներուն, որոնք թէեւ իրենց հոսանքի եւ պատկանելիութեան անկիւնէն առաջնահերթ նիւթ կը դարձնեն Սուրիան ու սուրիահայութեան ապագան, սակայն յաճախ կ՛եզրայանգեն հաւաքական գաղթի լուծումով մը` միաժամանակ պարտականութիւններու եւ պարտաւորութիններու բաշխումներ կատարելով Հայաստանի պետութեան ղեկավար դէմքերէն մինչեւ գաղութի պատասխանատուները:
Անոնք կը փորձեն թերացումներ եւ մեղաւորներ փնտռել, եւ այս երեւոյթը քիչ մը խորթ է: Ան շեշտեց, որ լաւ պիտի ըլլայ, եթէ լրագրողները բախտի ուրուականով չշահագործեն խուճապի մատնուած մարդոց տրամադրութիւնները, միաժամանակ նաեւ տագնապի չմատնեն յատկապէս Սուրիայէն դուրս գտնուող հայրենակիցներուն մտքերն ու հոգիները:
Ռէյիսեան յայտնեց, որ բոլորը պէտք է վստահ ըլլան, որ սուրիահայութիւնը, հալէպահայութիւնը կը մնայ կանգուն պատնէշի վրայ եւ առայժմ որեւէ լուրջ վտանգ չի սպառնար անոր գոյութեան, իսկ յոռեգոյն պարագային, ծանր անելի մը պարագային, գաղութի ղեկավարութիւնը անկասկած կը տնօրինէ պարտն ու պատշաճը` ի հարկին Հայաստանի դիւանագիտութեան հետ համակարգուած եւ օրուան համաձայն ճշդելով կամ որոշելով լուծումները: Ան աւելցուց, որ լրագրողները պէտք է գիտնան, որ սուրիահայութիւնը եւ հալէպահայութիւնը ինքն է տէրը իր ճակատագիրին, եւ ոչ թէ պատահական արտայայտութիւններով կրնան ալեկոծել մարդոց մտքերը: