Իսլամական Երկիրները Ազրպէյճանի «Գրաւեալ» Տարածքներէն Հեռանալու Կոչ Կ՛ուղղեն Հայաստանի
ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը անգամ մը եւս դատապարտած է «Հայաստանի կողմէ Ազրպէյճանի տարածքներու բռնագրաւումը», հինգշաբթի, 16 օգոստոսին հաղորդած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը` աւելցնելով, որ 14-15 օգոստոսին Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած նշեալ կազմակերպութեան արտակարգ նիստի ընթացքին քննարկուած են իսլամական աշխարհը յուզող հարցեր: Բանաձեւեր վաւերացուած են Սուրիոյ, Պաղեստինի, Մալիի եւ Պուրմայի (Միանմար) իրադարձութեանց կապակցութեամբ:
Վեհաժողովի աւարտին վաւերացուած է միացեալ հռչակագիր մը, որուն մէջ իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրները քննադատած են «Ազրպէյճանի դէմ Հայաստանի որդեգրած յարձակողապաշտ կեցուածքը» եւ Հայաստանին կոչ ուղղած են իր զօրքերը դուրս բերելու «բռնագրաւեալ ազրպէյճանական տարածքներէն»:

