«Ազրպէյճան Պատանդ Դարձած Է Իր Իսկ Վարած Քաղաքականութեան Ձեռքին» Կ՛ըսէ Դաւիթ Բաբայեան

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ պատերազմի վերսկսումը անընդունելի է միջազգային հանրութեան համար:

Ըստ Բաբայեանի, Ազրպէյճան պատանդ դարձած է իր իսկ վարած քաղաքականութեան ձեռքին:

«Ռազմականացուած պետութիւն է անիկա, եւ հիմա հասարակութիւնը օրինական պարտադրում ունի, կ՛ըսէ` ինչո՞ւ այդքան ծախսեր կ՛ընէք բանակին համար, եթէ չէք կրնար պատերազմի հարցը լուծել: Որպէսզի Ազրպէյճանը ատիկա շտկէ, պէտք է շարունակէ իր պիւտճէի ռազմականացումը, բայց խախտումներով», ըսաւ Բաբայեան:

Բաբայեան միջազգային հանրութեան` պատերազմի դէմ ըլլալու հանգամանքը կը բացատրէ նաեւ անով, որ ասիկա որակապէս բոլորովին այլ պատերազմ պիտի ըլլայ, քանի որ այստեղ ներգրաւուած պիտի ըլլան բազմաթիւ պետութիւններ: Ըստ անոր, Ազրպէյճանի մէջ կան բազմաթիւ ազգեր, որոնք հալածանքներու կ՛ենթարկուին, եւ հաւանական պատերազմը անկախանալու ցանկութիւնը իրականացնելու առիթ կրնայ ըլլալ:

«Լեզկիները եւ աւարցիներն են, որոնք կ՛ապրին նաեւ դրացի Տաղստանի մէջ: Պատերազմի վերսկսման պարագային կարելի է Տաղստանի իրենց եղբայրները գան եւ օգնեն: Ասիկա կը նշանակէ, որ կամայ թէ ակամայ Ռուսիա ուղղակիօրէն պիտի ընդգրկուի, որովհետեւ Տաղստան Ռուսիոյ մաս կը կազմէ: Նոյնը կը վերաբերի թալիշներուն, որոնք կ՛ապրին նաեւ Իրանի մէջ, ասիկա կը նշանակէ Իրանը կրնայ նաեւ միջամտել», ըսաւ Բաբայեան:

Ան նաեւ աւելցուց, որ բնականաբար Թուրքիա պիտի միջամտէ, իսկ ասիկա արդէն ՕԹԱՆ-Միացեալ Նահանգներ մասնակցութիւն կ՛ենթադրէ, ինչ որ շատ խառն իրավիճակ կը ստեղծէ` անկանխատեսելի աւարտով:

Յայտնենք, որ 14-16 օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բանակի շարք մը ստորաբաժանումներուն մէջ տեղի ունեցան մարտական հրաձգութեամբ գումարտակային մարտավարական, ցուցադրական ռազմափորձեր:

Ռազմափորձերուն զուգահեռ Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւ անգամ մը եւս պատերազմի վերսկսման սպառնալիքներով յայտարարութիւններ կատարեց:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ կարելի՞ է ենթադրել, որ այսպիսի ռազմափորձերով որոշ պատասխան կ՛ուղարկուի Ազրպէյճանին, Բաբայեան նշեց, որ որոշ ձեւով կարելի է ենթադրել, բայց ատիկա չի կատարուիր Ազրպէյճանի յայտարարութիւններէն ետք: Ասիկա ծրագրային նախաձեռնութիւն է: Ըստ Բաբայեանի, այսպիսի ռազմափորձերը Ազրպէյճանին եւ միւս պետութիւններուն ցոյց կու տան, որ Արցախ պատրաստ է իր տարածքային ամբողջականութիւնը, անկախութիւնը, ազատութիւնը պաշտպանելու: Ան նշեց, որ բանակի ռազմափորձերը եւ զանոնք բարձր մակարդակով կայացնելը նաեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման գործօն են:

ԱՐՑԱԽԻ ՌԱԶՄԱՓՈՐՁԵՐԸ

14-16 օգոստոսին Լեռնային Ղարաբաղի բանակի հրամանատար, զօրավար Մովսէս Յակոբեանի ղեկավարութեամբ, բանակի շարք մը ստորաբաժանումներու հետ տեղի ունեցան մարտական հրաձգութեամբ գումարտակային մարտավարական ցուցադրական ռազմափորձեր:

Այսպիսի ռազմափորձերու կայացումը նպատակ ունի բարձրացնել մասնակից անձնակազմի մարտավարական ունակութիւնները, տալ պաշտպանողական եւ հակայարձակողական մարտերու վարման համապատասխան փորձառութիւն:

 

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )