Աթլեթիզմ. Իսինպայեւա Կը Պատրաստուի Մասնակցիլ Նաեւ Ռիօ Տը Ժանէյրոյի 2016-ի Ողիմպիականին

Էլենա Իսինպայեւա

«Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ողիմպիական խաղերու կրկնակի ախոյեան եւ աշխարհի մրցանակակիր ռուս ձողացատկորդ Էլենա Իսինպայեւա որոշած է շարունակել իր արհեստավարժ ասպարէզը, որովհետեւ կը պատրաստուի մասնակցիլ նաեւ Ռիօ Տը Ժանէյրոյի 2016-ի ողմիպիական խաղերուն:

Ռուսական մամուլին համաձայն, ան վերջ պիտի դնէ իր արհեստավարժ ասպարէզին, երբ ըլլայ բարձունքի վրայ, որովհետեւ, ըստ իրեն, Լոնտոնի ողիմպիականին պրոնզէ մետալը գագաթնակէտ մը չէ:

Ան Աթէնք 2004-ի եւ Փեքին-2008-ի ողիմպիական խաղերուն հանդիսացաւ ախոյեան, 2005-ին եւ 2007ին տիրացաւ աշխարհի ախոյեանութեան, իսկ 2006-ին` Եւրոպայի ախոյեանութեան տիտղոսներուն:

Share this Article
CATEGORIES