Ֆերկըսըն Կը Յուսայ, Որ Վան Փերսի Պիտի Մասնակցի Երկուշաբթի Օրուան Մրցումին
Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսըն ակումբին պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած լուրի մը մէջ նշեց, որ ինք մեծ յոյսով է, որ նորեկ մարզիկ Ռոպին Վան Փերսի իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ երկուշաբթի, 20 օգոստոսին Էվըրթընի դէմ տեղի ունենալիք «Փրեմիեր Լիկ»-ի բացման մրցումին:
Հոլանտայի միջազգային յառաջապահ Վան Փերսի, որ փոխան 38 միլիոն ամերիկեան տոլարի Արսենալէն փոխանցուեցաւ «Կարմիր սատանաներուն», չորս տարուան համաձայնագիր մը ստորագրեց:
Ֆերկըսըն կ՛ըսէ, թէ կը յուսայ, որովհետեւ Փերսի, ըստ օրէնքի, պէտք է բժշկական քննութիւններու ենթարկուելէ ետք միայն կանաչ լոյս ստանայ դաշտ ներկայանալու:
Անդրադառնալով 29 տարեկան Վան Փերսիի իր կազմին միանալուն` Ֆերկըսըն ըսաւ, որ «բացառիկ յատկութիւններու տէր մարզիկի մը մեր կազմին միանալը, կը նկատեմ շատ կարեւոր եւ իւրայատուկ»:
Հոլանտայի միջազգային ֆութպոլիստ Վան Փերսի նախորդ տարեշրջանին լոնտոնեան կազմին հետ նշանակեց 37 կոլ: Սակայն հակառակ ատոր, Արսենալ ցարդ տիտղոսի մը տիրանալէն հեռու կը մնայ: Անիկա իր վերջին տիտղոսին տիրացած է 2005-ին երբ փենալթիներով յաղթելէ ետք Մանչեսթըր Եունայթըտի, բարձրացուցած է Անգլիոյ բաժակը:

