ՀՅԴ Պատանեկան Ճամբար` Մարտունիի Մէջ

«Ապարաժ» կը հաղորդէ, որ շուրջ երկու շաբաթ է, որ Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը կը կազմակերպէ պատանեկան ճամբար մը, որուն կը մասնակցին 10-16 տարեկան շուրջ 180 պատանիներ` Մարտունի քաղաքէն:

ԼԵՄ-ականները պատանիներուն կը փոխանցեն իրենց պատրաստած յատուկ ազգային-դաստիարակչական ծրագիրը, կը կազմակերպեն տարբեր բնոյթի աշխատանքներ, խաղեր եւ պտոյտներ: 6 ԼԵՄ-ականներ մարտունեցի պատանիներուն կը սորվեցնեն հայոց պատմութիւն, հայրենասիրական երգեր, կը ծանօթացնեն հայ ազգի մեծերուն կեանքին ու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ կը կազմակերպեն այնպիսի աշխատանքներ, որոնց ընդմէջէն պատանիներուն առօրեան կը դառնայ բովանդակալից, արդիւնաւէտ եւ հետաքրքրական:

Նշենք, որ ՀՅԴ-ի կառոյցներուն կողմէ նմանատիպ ճամբարներ կազմակերպուեցան նաեւ Ստեփանակերտի, Ասկերանի եւ Կովսականի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )