Միաբանական Նոր Շէնքի Կառուցում` Պիքֆայայի Վանքին Մէջ

Նկատի ունենալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամներու թիւին աճը եւ Պիքֆայայի վանքին սահմանափակ կարելիութիւնները` Պիքֆայայի վանքին մէջ մատրան կողքին սկսած է միաբանական նոր շէնքի կառուցումը` կաթողիկոսարանի ճարտարապետներուն անմիջական հսկողութեան տակ: Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ անոր հիմնօրհնէքը կատարուեցաւ շուրջ մէկ ամիս առաջ:

Միաբանական շէնքը պիտի բաղկանայ երեք յարկերէ եւ 40 ննջասենեակներէ: Շէնքը պիտի ունենայ նաեւ 550 մ3-ի տարողութիւն ունեցող մեծ ջրամբար: Շինարարութիւնը պիտի արժէ շուրջ մէկուկէս միլիոն տոլար:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )