Աֆղանիստան. Հրթիռ Մը Հարուածեց Ամերիկեան Բանակի Սպայակոյտի Պետին Օդանաւը
Ամերիկեան բանակի սպայակոյտի պետ զօր. Մարթին Տեմսին փոխադրած օդանաւը հրթիռի մը թիրախ դառնալով վնասուեցաւ, երբ ըմբոստներ զօրակայանին դէմ հրթիռարձակում կատարեցին: Ան երեքշաբթի առաւօտեան այլ օդանաւով մը մեկնեցաւ Պաղտատ:
Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժերուն հրապարակած մէկ հաղորդագրութիւնը նշեց, որ հրթիռի կտոր մը վնասած է երկուշաբթի օր զօր. Տեմսին Աֆղանիստան փոխադրած «Սի-17» տիպի օդանաւը, ինչպէս նաեւ ուղղաթիռ մը:
ՕԹԱՆ-ի բանբեր գնդ. Թոմաս Քոլինզ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ յարձակումին ընթացքին զօրավարը իր սենեակն էր եւ օդանաւէն հեռու:
Նշենք, որ Քապուլէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Պակրամ զօրակայանը անցեալին եւս թիրախ դարձած է յարձակումներու:
CATEGORIES Միջազգային