Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Տունդարձը Անկարելի Կը Թուի
Մինչ Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն ճակատագիրը կը մնայ անորոշ, առեւանգեալներուն համար կազմուած նախարարական յատուկ յանձնախումբը երէկ գումարեց իր երկրորդ նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուի, աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել եւ արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուր:
Նիստին ընթացքին անոնք հաւաքեցին նորագոյն տեղեկութիւնները, որպէսզի զանոնք փոխանցեն կառավարութեան:
Շարպել նիստին փոխանցեց Թուրքիա կատարած իր այցելութեան ընթացքին իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:
Նիստը քննարկեց նաեւ Մանսուրի կատարած հաղորդակցութիւնները` առեւանգեալներուն գծով:
Ժողովականները համաձայնեցան նախարարական յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարներուն որդեգրելիք քայլերուն շուրջ:
Նիստէն ետք Ժրայսաթի յայտնեց, որ լուռ հաղորդակցութիւններն ու խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են եւ բաւական յառաջդիմութիւն արձանագրած է, եւ աշխատանքները պիտի շարունակուին, մինչեւ, անոնք շօշափելի արդիւնքներու յանգին:
Յանձնախումբը երկրորդ անգամ ըլլալով մերժեց պատասխանել մամլոյ ասուլիսին ընթացքին լրագրողներուն ուղղած հարցումներուն` աւելցնելով, որ իր յաջորդ նիստը պիտի գումարուի յառաջիկայ ուրբաթ օր:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց առեւանգեալներուն թղթածրարին վերաբերող շարք մը հարցեր ու մանրամասնութիւններ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ առեւանգուած թուրք քաղաքացիներուն վերաբերող տեղեկութիւններ:
Շարպել թուրք դեսպանին հետ քննարկեց Թուրքիա կատարած իր այցելութեան արդիւնքները` մաղթելով, որ անոնք կը յանգին ուրախ աւարտի մը:
Իր կարգին, Էօզեըլտըզ նշեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը այս թղթածրարին հետ զգուշութեամբ կը վարուի, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Շարպելի, որ կը հետեւի մարդկային այս թղթածրարներուն լուծման` ապահովելով ե՛ւ լիբանանեան, ե՛ւ թրքական շահերը:
Նշենք, որ երեկոյեան անպաշտօն աղբիւրներ հաղորդեցին, որ յառաջիկայ ուրբաթ օր Շարպել կրնայ Թուրքիա մեկնիլ, եթէ առեւանգեալներուն հարցով զարգացումներու մասին ան թրքական կողմէն լուրեր ստանայ:
Կը նախատեսուի, որ Շարպելի ընկերակցի ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ: