Պըրրի. «Ո՞վ Կը Հովանաւորէ Լիբանանի Վերջին Զարգացումները Եւ Ո՞վ Այսքան Չարիք Կը Ցանկայ Լիբանանին»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հարց տուաւ, թէ ինչպիսի՞ ազգային պատկեր է այսօրուան պարզած դրութիւնը: «Ո՞ւր պիտի հասնինք եւ ի՞նչ է մեր նպատակը. առեւանգում, արձակազինութիւն, ճամբաներու փակում, աշիրեթներու եւ համայնքներու զինուորական խորհուրդներ: Ո՞վ կը հովանաւորէ այս բոլորը եւ ո՞վ այսքան չարիք կը ցանկայ Լիբանանին», հարց տուաւ ան:

Պըրրի նշեց, որ երկրին մէջ քաղաքական պատասխանատուութիւնը բացակայ է, իսկ հեղինակութիւններուն եւ քաղաքական կազմակերպութիւններուն դերակատարութիւնը գոյութիւն չունի: Բաժանում, դերերու բաժանում եւ շրջաններու բաժանում այնպիսի երկրի մը մէջ, որ բաժնուելու համար շատ փոքր է: «Արդեօք Լիբանան հայրենիքը վերածուած է իւրաքանչիւր համայնքի եւ յարանուանութեան կամ քաղաքական կողմերուն յատուկ վայրի՞ն: Չե՞նք գիտեր արդեօք, որ Հալէպէն վերադարձին կամ Դամասկոսի մէջ մեր զաւակները առեւանգողին նպատակը ամբողջ Լիբանանը առեւանգելու համազօր է: Իւրաքանչիւր կողմ կը փափաքի Լիբանանը վերածել իրեն յատուկ հրապարակի մը, բայց հարցը այն է, որ իբրեւ լիբանանցիներ մեր հրապարակը ո՞ւր է: Մե՞նք ալ արդեօք «Լոյաժերկա»-ի խորհուրդ մը պիտի կազմենք` աֆղանական օրինակին հետեւելով», հարց տուաւ Պըրրի:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն Աստուծմէ վախնալու եւ Լիբանանը պահպանելու իրենց իսկ չարիքէն: «Բոլորը պահպանողը պետութիւնն է, հակառակ պալատներուն եւ բացթողումներուն: Այս պատգամը ուղեղին է եւ ոչ թէ «Լոյաժերկա»-ին», եզրափակեց խորհրդարանի նախագահը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )