Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԸՆԴԱՌԱՋԵԼՈՎ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ցուցմունքներուն` պաշտպանութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ երէկ գումարուեցաւ նիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան լիբանանեան բանակի պատասխանատու զինուորականներ, ինչպէս նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու պատասխանատուներ: Քննարկուեցան վերջին քանի մը օրերուն Լիբանանի մէջ կատարուած առեւանգումները եւ առեւանգեալները ազատ արձակելու հեռանկարները:

ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան նպատակով յառաջացած եկեղեցական յանձնախումբի նախագահ, մարոնի համայնքի առաջնորդներէն Քեմիլ Զէյտան եպիսկոպոս յայտնեց, որ հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած բոլոր հարցերուն, պապին այցելութիւնը տակաւին ի զօրու է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը ընդունեց մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունը եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատը, որոնց հետ քննարկեց քրիստոնեայ համայնքին վերաբերող հարցեր:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերը կոչ ուղղեցին Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին վտարելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ առեւանգուած օտարերկրացի քաղաքացիները ազատ արձակելու եւ զանոնք առեւանգողները պատժելու:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ կոչ ուղղեց կառավարութեան արտակարգ վիճակ յայտարարելու, ինչպէս նաեւ Մըքտատ ընտանիքէն վերցնելու իր հովանաւորութենէն:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Մոհամետ Քապպարա հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ սիւննի համայնքի զինուորական խորհուրդ մը պիտի կազմուի` աւելցնելով, որ այդ տրամաբանութիւնը մերժելի է:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած նոր շրջաբերականին համաձայն, պենզինի թիթեղին սակը սղած է 700 լ. ոսկիով, իսկ մազութինը` 500 լ. ոսկիով:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ուաժիհ Պաարինի կոչ ուղղեց քաղաքական եւ ապահովական հեղինակութիւններուն` Թրիփոլիի  հարցերուն իմաստուն լուծումներ գտնելու:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երկար տեւողութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ` քննարկելու համար կառավարութեան հրաժարականին կարելիութիւնները:

ԼՍԱՏԵՍՈՂԱԿԱՆ լրատուամիջոցներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ապտել Հատի Մահֆուզ յայտնեց, որ ոչ մէկ պատկերասփիւռի կամ ձայնասփիւռի կայան փակելու որոշում կայ` աւելցնելով, որ վաղը` ուրբաթ, 24 օգոստոսին, հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ լսատեսողական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն միջեւ եւ պիտի պահանջուի օրէնքի գործադրութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ – պաղեստինեան երկխօսութեան յանձնախումբի նախագահ Խալտուն Շերիֆ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած բոլոր իրադարձութիւններուն պատասխանատուութիւնը պէտք է վերագրել լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան պատասխանատուներէն Էտի Ապի Լամաա յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ խմբաւորումները իրենց կամքով չեն շարժիր, այլ` ունին հեղինակութիւններ, որոնք կը հսկեն եւ կը հովանաւորեն անոնց քայլերը:

ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ֆորէյն փոլիսի» շաբաթաթերթը կը նշէ, որ Լիբանանի մէջ բռնկած բախումներն ու արձանագրուող բռնարարքները կը հաստատեն իրենց մտավախութիւնները, թէ Սուրիոյ տագնապը իր ժխտական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ Լիբանանի վրայ եւ պիտի վարակէ զայն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգը իր վերջին օրերը կ՛ապրի, որովհետեւ արդէն իսկ անոր բոլոր սխալները բացայայտուած են:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի յայտնեց, որ սուրիական վարչակազմը դիտմամբ ռմբակոծած է Ազազը` Լիբանանի մէջ սադրանքներ հրահրելու նպատակով:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Միքաթի Հըզպալլային յայտնած է, թէ ինք չի կրնար հովանաւորել Մըքտատ աշիրեթին արարքները, ոչ ալ կրնայ արտօնել Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբան փակելու քայլերը` աւելցնելով, որ եթէ այս վիճակը շարունակուի, ապա ինք պիտի հրաժարի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )