Շարպել Կը Շարունակէ Հետապնդել Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Հարցերը

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա կատարելիք իր երկրորդ այցելութիւնը ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն մասին նոր տուեալներուն, որոնք պիտի տրամադրուին թրքական իշխանութիւններուն կողմէ:

Ան նշեց, որ Թուրքիա կատարած իր առաջին այցելութեան ընթացքին թուրք պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած խորհրդակցութիւններէն ինք գոհ է, որովհետեւ անոնք դրական են:

Միւս կողմէ, Շարպել նկատել տուաւ, որ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը զգայուն է եւ կարիքը ունի ազգային զգօնութեան, «այլապէս երկիրը պիտի ուղղուի դէպի անորոշութիւն», աւելցուց ան:

Շարպել հաստատեց, որ իր կարծիքով,  Լիբանանի մէջ չափաւորականութեան չգոյութիւնն ու ծայրայեղականութիւնը երկիրը կ՛առաջնորդեն դէպի նման իրավիճակներ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )