Վարչապետ Միքաթի Մտահոգութիւն Յայտնեց Լիբանանը Սուրիոյ Տագնապին Աւելի Միջամուխ Դարձնելու Փորձերէն

Նախարար Շարպել եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ մտահոգութիւն յայտնեց այն փորձերէն, որոնք կը միտին Լիբանանը Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դարձնել, «մինչդեռ բոլոր պատասխանատուներէն պահանջուածը գործակցութիւնն է` Լիբանանը կարելի եղածին չափ իր շուրջ բռնկած հրդեհէն եւ վտանգներէն հեռացնելու նպատակով», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուող արիւնալի բախումները որոշ շրջաններու մէջ են եւ անոնք փորձեր են` Լիբանանը արտաքին տագնապին մէջ ներառելու:

«Այս պատճառով էր, որ լիբանանեան բանակին եւ ներքին ապահովութեան ուժերուն կոչ ուղղուեցաւ` զսպելու երկրին կացութիւնը եւ արգիլելու ապահովական ամէն տեսակի խախտումներն ու ձերբակալելու յանցագործները: Սակայն այս բոլորը կատարելու համար երկրին ղեկավարները պէտք է իսկապէս զօրակցին բանակին, որպէսզի ան կարենայ իր առաքելութիւնը կատարել: Քաղաքական ոչ մէկ կողմ կրնայ ինքզինք անպատասխանատու նկատել երկրին մէջ արձանագրուող այս իրադարձութիւններուն եւ անոնց ունենալիք հետեւանքներուն առնչութեամբ: Մենք տակաւին պատասխանատու ենք, մինչեւ որ պայմանները փոխուին եւ կարելի ըլլայ կազմել արտակարգ կառավարութիւն մը, ինչպէս յայտարարած էինք Պէյթէտտինի մէջ` Ազգային երկխօսութեան նիստէն ետք», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:

Պատասխանելով կառավարութեան հրաժարականը պահանջող կողմերուն մասին հարցումի մը` վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ այդ պահանջները նորութիւն չեն, անոնք հնչած են կառավարութեան կազմութեան առաջին օրէն սկսեալ, «իսկ մենք յայտարարած ենք, թէ կը ստանձնենք ազգային պարտականութիւն մը, համոզուած ենք մեր աշխատանքով եւ այդ աշխատանքը պիտի շարունակենք, այնքան ատեն որ անիկա ազգային անհրաժեշտութիւն է», աւելցուց Միքաթի:

Վարչապետը ընդգծեց, որ այսօրուան դրութեամբ առաջնահերթութիւն է Լիբանանի մէջ լարուածութեան եւ սադրանքներուն վերջ տալը, ինչպէս նաեւ ազգային ոճով խօսիլը եւ ընտրական նպատակներէն հրաժարիլը:

Վարչապետ Միքաթի ըսաւ, որ ինք յանձնառու է իր պատասխանատուութիւններուն եւ բացթողումներ չ՛արձանագրեր տուեալ պահուն: «Հոս կու գամ վերահաստատելու, որ այս հանգրուանին պատասխանատուութիւնը լիբանանեան բոլոր ղեկավարութիւններուն եւ պատասխանատուներուն ուսերուն կը գտնուի: Բարձր կը գնահատենք նաեւ խորհրդարանի նախագահին կատարած այն յայտարարութիւնը, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանին ճամբան փակող ձեռքերը պիտի կտրուին», ըսաւ վարչապետ Միքաթի:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպելը, նախկին նախարարներ Ատել Համիէն եւ Ֆաուզի Սալլուխը, ինչպէս նաեւ Քաթարի եւ Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպաններ Հասան Սաատը եւ Խալետ Զիատէն:

Յայտնենք նաեւ, որ վարչապետ Միքաթի երէկ նախագահեց Թրիփոլիի վերաբերող ապահովական կարգ մը հանդիպումներու, որոնց շրջագիծին մէջ ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակն ու ապահովութեան ուժերը պէտք է հակակշիռի տակ առնեն կացութիւնը եւ վերահաստատեն ապահովական կայունութիւնը:

Վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայէն, որ զինք տեղեակ պահեց Թրիփոլիի հեղինակութիւններուն միջեւ երէկ գումարուած ժողովին արդիւնքներէն:

Իր կարգին, հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ Թրիփոլիի ապահովութիւնն ու անոր բնակչութեան անվտանգութիւնը միացեալ պատասխանատուութիւն է եւ կարիքը ունի բոլորին գործակցութեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )