Պըրրի Կտրականապէս Մերժեց Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Ճամբուն Փակումը

Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումէն պահ մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան նիստին, որուն ընթացքին կտրականապէս մերժեց Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն փակումը:

Միւս կողմէ, լիբանանեան օրաթերթերուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցներուն ընթացքին Պըրրի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները Լիբանանի վրայ Սուրիոյ տագնապին ունենալիք հետեւանքներուն պարզապէս մէկ բաժինն են: Ան նկատել տուաւ, որ ոմանք երկիրը կ՛օգտագործեն իբրեւ կեդրոն կամ անցք` ուղղակի միջամտելու Սուրիոյ հարցերուն:

Պըրրի խստիւ դատապարտեց Լիբանանի մէջ արձանագրուող ապահովական խախտումներն ու օրինազանցութիւնները` աւելցնելով, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան կարմիր գիծ է եւ լիբանանեան բանակը բացարձակ իրաւասութիւն ունի արգիլելու այդ ճամբուն փակումը, ինչ ալ ըլլան պայմանները:

Պըրրի շեշտեց, որ օդակայանին ճամբան փակել փափաքող ոեւէ կողմի ձեռքը պիտի կտրուի` անկախ այդ քայլին դիմելու իսկական պատճառներէն:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )