Հեծելարշաւ. Լենս Արմսթրոնկ Կրնայ Ցմահ Կախակայուիլ Եւ Կորսնցնել «Թուր Տը Ֆրանս»-ի Իր Եօթը Տիտղոսները
Այնպէս կը թուի, որ ամերիկացի հեծելանւորդ Լենս Արմսթրոնկ ցմահ պիտի կախակայուի եւ իրմէ պիտի խլուին «Թուր տը ֆրանս»-ին շահած իր եօթը տիտղոսները` նկատի ունենալով, որ անոր դէմ կատարուած զրպարտութիւնները խթանիչ դեղերու գործածութեան վերաբերեալ, գրեթէ ստոյգ են:
Արմսթրոնկը մեղադրող Թեքսասի դատարանը մերժած է ընդունիլ Արմսթրոնկի հարցը` դատը վերատեսութեան ենթարկելու համար: Անիկա անկէ կը պահանջէ, որ ընդունի խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալը` անոր տալով մինչեւ 23 օգոստոս պայմանաժամ:
CATEGORIES Մարզական

