Կարճ Լուրեր` Հայրենի Ֆութպոլիստներուն Մասին
Անդրադառնալով հայրենի ֆութպոլիստներուն` Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հրապարակէ կարգ մը հետաքրքրական լուրեր, զորս կը ներկայացնենք ստորեւ` ամփոփ ձեւով.
ՈՒՔՐԱՆԻՈՅ ֆութպոլի ախոյեանութեան վարին դիրքերը գրաւող Կովերլան կը պատրաստուի պայմանագիր մը կնքել Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Արթուր Եդիգարեանի հետ:
Ուքրանական ակումբը յայտնած է, որ նկատի ունենալով, որ Եդիգարեան յաջող փորձաշրջան մը ունեցած է, անոր պիտի առաջարկուի պայմանագիրի ստորագրում:
Նշենք, որ Կովերլայի միանալու պարագային, Փիւնիկի մարզիկ Եդիգարեան իրեն խմբակից պիտի ունենայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին մարզիկ Եղիշէ Մելիքեանը:
ՇԱԽՏԻՈՐ ՏՈՆԵՑՔԻ պաշտօնական կայքէջը իր համակիրներուն ուղղած է հարցում մը, թէ ո՞վ է ակումբին ամէնէն սիրուած ֆութպոլիստը:
Հարցումին պատասխանած 1115 համակիրներէն 627-ը (56,23 առ հարիւր) առաջին դասած են Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը:
ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ազգային հաւաքականի կեդրոնի յետսապահ Ռոպերթ Արզումանեան ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Խապարովսքի Էներկիայի հետ, որ մաս կը կազմէ Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան:
Ներկայիս Արզումանեան պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Եաքելոնիայի հետ (Լեհաստան)` մինչեւ 2014:
Սակայն ան երէկ մինչեւ մայիս 2013 փոխ տրուեցաւ ռուսական ակումբին, որ այժմ 11 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը:
ՀԻՆԳ տարուան բացակայութենէ մը ետք Հայաստան վերադարձաւ հայրենի ֆութպոլիստ Լեւոն Փաչաճեան:
28 տարեկան Փաչաճեան, որ միացաւ Շիրակի, վերջին անգամ 7 նոյեմբեր
2007-ին մասնակցեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան` Փիւնիկի հետ:
Արտասահմանի մէջ, ան յաջորդաբար միացաւ ՔԱԻՍ-ի (Շուէտ), Ֆրետրիքսթատի (Նորվեկիա) եւ Սանաթ Նաւթի (Իրան):


