Ճատրակ. Վարուժան Յակոբեան Հանդիսացաւ Երրորդ` Լոս Անճելըսի Մրցաշարքին

Հայրենի կրանտմասթըր Վարուժան Յակոբեան,  որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Լոս Անճելըսի ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքին, առաւելագոյն 9 կէտէն 6,5 կէտ ապահովելով հանդիսացաւ երրորդ:

Ան միայն կէս կէտով ետ կը մնայ տիտղոսին տիրացած ամերիկացի Թիմուր Կարիեւէն:

Մելիքսէթ Խաչիեան ապահովեց 6 կէտ, 11 տարեկան Սամուէլ Սեւեան` 5,5 կէտ, իսկ Անդրանիկ Մաթիկոզեան` 5 կէտ:

Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին 56 ճատրակ խաղացողներ:

Share this Article
CATEGORIES