Պասքեթպոլ. Լիբանանի Տղոց Առաջին Յաղթանակը
Չինական Թայփէ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Ուիլիըմ Ճոնզի տղոց պասքեթպոլի բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Լիբանանի տղոց ազգային խումբը արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին յաղթանակը` յաջորդական չորս պարտութենէ ետք:
Լիբանանցիք 88-67 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Թայփէ-Բ. խումբը:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի տղոց 18 տարեկանէն վար կրտսերներու կատարած մրցումին, անիկա 94-82 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ճափոնէն` Ասիոյ կրտսերներու 22-րդ ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ:
CATEGORIES Մարզական