Ա. Թէ. Սէ. Էլ.- Լիբանանի 35-րդ Միջազգային Ռելին Տեղի Պիտի Ունենայ Ճշդուած Ժամկէտին` 7-9 Սեպտեմբերին
Երէկ կէսօրին Ա. Թէ. Սէ. Էլ. պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ Լիբանանի 35-րդ միջազգային ռելին տեղի պիտի ունենայ ըստ նախօրօք ճշդուած ժամկէտին` 7-9 սեպտեմբերին, հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի:
Կազմակերպիչ ակումբին` Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի եւ Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻԱ) միջեւ տեղի ունեցած քիչ մը երկարատեւ եւ երկարաշունչ բանակցութիւնները ի վերջոյ յանգեցան դրական արդիւնքի եւ որոշուեցաւ Միջին Արեւելքի ռելիներու ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի` Լիբանանի ռելին կայացնել 7-9 սեպտեմբերին:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտարարեց նաեւ, որ արձանագրութիւնները կը շարունակուին Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի մէջ (Քասլիք), եւ անոնց վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 24 օգոստոսի յետմիջօրէի ժամը 17:00-ը:
Հաղորդագրութեան վերջին բաժինին մէջ մարզական լրագրողները հրաւիրուեցան յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 30 օգոստոսին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ` այս ռելիին գծով մանրամասն տեղեկութիւններ հաղորդելու համար:

