Վաղը` Ուրբաթ, 24 Օգոստոսին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը Պիտի Ներկայացնէ ՀՄԸՄ-ի Տղոց Պասքեթպոլի 2012-2013 Տարեշրջանի Ներկայացուցչական Խումբը
«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ վաղը` ուրբաթ, 24 օգոստոսին, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, յատուկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը պիտի ներկայացնէ ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 2012-2013 տարեշրջանի ախոյեանութեան:
Մամլոյ ասուլիսին աւարտին տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն` ի պատիւ ներկաներուն:
CATEGORIES Մարզական

