50 Տարի Առաջ ( 24 Օգոստոս 1962 )
Հայկական Կեանք
Հայկազեան Քոլեճի Տնօրէնը Ամերիկայի Մէջ
Տոքթ. Մարգարեան Կը Խօսի
Ֆրեզնոյի Ձայնասփիւռէն
Ֆրեզնոյի մեր պաշտօնակից «Ասպարէզ»-ի թղթակիցը կը գրէ.
Ծանօթ է ընթերցողներուն Պէյրութի Հայկազեան քոլեճին սխրագործութիւնները` իր կատարած ՀՐԹԻՌԱՅԻՆ փորձերով: Վարժարանի մը նիւթական անձուկ պայմաններուն տակ կատարուած հրթիռարձակ փորձերը Հայկազեան քոլեճին, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած են Լիբանանի զինուորական եւ քաղաքական շրջանակներուն մէջ եւ` յառաջիկային եւս նման փորձեր կարենալ կատարելու յարմարութիւններ խոստացուած:
Ահա այդ քոլեճին տնօրէնն է` վեր. Ճան Մարգարեան, որ հիւրաբար մեր մէջ գտնուելով, կիրակի, 5 օգոստոս 1962-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, երեւցաւ Թելեքըսթ (թելեվիժընի) չենըլ 5-ի վրայ: Վեր. Մարգարեանին կ՛ընկերանային Լոս Անճելըսի հայկական Գէթսէման եկեղեցւոյ զոյգ հովիւները` վեր. Փոլ Այվազեան եւ վեր. Սամուէլ Գրիգորեան:
Հայկազեան քոլեճին յարգելի տնօրէնը` վեր. Ճան Մարգարեան տուաւ տեղեկութիւններ Մերձաւոր Արեւելքի եկեղեցիներու եւ դպրոցներու մասին եւ կեդրոնանալով առանձնապէս Հայկազեան քոլեճին շուրջ` ըսաւ, որ ան կարճ ժամանակամիջոցի մը տեւողութեան կրցած է գնահատանքին արժանանալ ըլլա՛յ հասարակութեան, ըլլայ իրեն նման հաստատութեանց կողմէ` հակառակ իր ունեցած նիւթական անձուկ հնարաւորութեանց:
Յարգելի հիւրը աւելցուց, որ Հայկազեան քոլեճը իբրեւ զուտ կրթական հինարկութիւն` իր դռները բաց պահած է բոլորին առջեւ, առանց կրօնական կամ ազգային խտրականութեան ոգիի: Հայ լուսաւորչական, բողոքական, կաթոլիկ ուսանողները եղբայրական ոգիով կ՛ուսանին նոյն գրասեղաններուն շուրջ, ինչպէս նաեւ` տեղական եւ շրջակայ արաբ երկիրներէ ուսանողներ: Աւելցուց, որ այս տարուան շրջանին, ամերիկեան կառավարութեան նիւթական օժանդակութեամբ, Հայկազեան քոլեճը պիտի ընդունուին 24 ուսանողներ` Աֆղանիստանէն, իսկ 1963 դպրոցական տարեշրջանի սկզբնաւորութեան յոյս կայ, որ Ափրիկէէն եւս պիտի գան բազմաթիւ ուսանողներ` դարձեալ ամերիկեան կառավարութեան օժանդակութեամբ: Հայկազեան քոլեճին արձակած հրթիռները մեծապէս գնահատուած են Լիբանանի պետական անձնաւորութեանց կողմէ եւ ասկէ ետք եւս պիտի շարունակուին փորձերը` եզրափակեց յարգելի հիւրը: Վեր. Ճան Մարգարեանին տուած տեղեկութիւնները Հայկազեան քոլեճին մասին` լսուեցան մեծ հետաքրքրութեամբ:
Տոմսեր
Լուսնին Մէջ Ածելի Չկայ…
Ամերիկացի զբօսաշրջիկ մը, որ Մոսկուա գացած է, կը գանգատի «Հերըլտ Թրիպիուն»-ի մէջ` ըսելով ամերիկացի այցելու մը ըլլալ Մոսկուայի մէջ, այս օրերս տխուր բան մըն է: Այն ամէնը, որոնց մասին կը խօսինք մեր երկրին մէջ` նոր ինքնաշարժ մը, երկնաքեր շէնքեր, հեռախօս մը` ամէն սենեակի մէջ, կը թուին քիչ մը տղայական բաներ ըլլալ, խորհրդային աստղանաւորդներու առջեւ, որոնք շարքով կը դառնան երկրին շուրջ:
Նամակագիրը ապա կը հարնէ զարմացումով. ինչպէ՞ս կրնայ այսպէս ըլլալ: Ինչպէ՞ս այս յաջողութիւնը Խորհրդային միութեան մէջ, որ նուազ զարգացած երկիր մըն է, քան` յառաջադէմ, եւ ուր գրեթէ կարելի չէ գնել` որոշ տեսակի գրիչ մը, ածելիի շեղբեր, շնորհքով զոյգ մը նայլըն գուլպայ, ընտիր զգեստ մը: (Խրուշչեւ իր զգեստները Իտալիայէն կը գնէ):
Ու այսպէս գանգատներ` ամերիկացիի մը կողմէ, որ իր երկրին մէջ առատօրէն կը գտնէ մարդավայել կեանքի մը բոլոր բարիքները ու կ՛ապշի, որ զոյգ մը գուլպայ արտադրել չկրցող երկիր մը դէպի աստղերը ճամբայ ելած է… ոտաբոպիկ:
Անըմբռնելի՜ յաջողութեան մը առթիւ այս զարմացական հարցումն ալ նորութիւն չէ, բարեբախտաբար, եւ կու գայ հին աշխարհէն…:
Դարե՜ր, դարեր առաջ ալ, երբ մարդիկ կը տեսնէին Եգիպտոսի համբաւաւոր բուրգերը ու ապա կը նայէին ժողովուրդին, գերիներուն սեւ թշուառութեան, կը հարցնէին նոյն զարմացումով.
Ինչպէս՞ կարելի է այս թշուառներուն ձեռքով այսպիսի հոյակապ բուրգեր բարձրացնել…
Բարձրացած են, սակայն մինչեւ երկինք բարձրացնելով նաեւ տառապողներու վիշտը, ցասումը…
Կը թուի, թէ «Թրիպիուն»-ի նամակագիրը պատմութիւն չէ կարդացած, մանաւանդ խորհրդայինը: Ու լուր չունի, թէ ստալիններն ու խրուշչեւները տասնեակ միլիոնաւոր մարդիկ ստրուկներու վերածեցին` հիւլէական ռումբ կամ անջրպետանաւ պատրաստելու համար:
Այսպիսի ամերիկացիներու համար «Քրիսչըն Սայընս Մոնիթըր» անցեալ շաբաթ կ՛ըսէր, թէ «չեն ուզեր լսել, եւ չեն ուզեր գիտնալ…» աշխարհի բաները…
Ամէն պարագայի, պէտք չէ մոռնալ, որ Նիքոլայեւ եւ Փոփովիչ աստղանաւորդները, երկիր իջնելէ ետք, իրենք կամ իրենց հայրենակիցները, դարձեալ կարգի պիտի սպասեն ածելիի շեղբ մը գնելու համար, (եթէ գտնեն) մոսկոֆեան խանութի մը առջեւ:
Ու իրենց մօրուքը քերելով` պիտի մտմտան հաւանաբար.
– Ի՞նչ շահեցանք այս նոր ավանթուրայէն ալ… Բացի սպասումի մէջ քիչ մը աւելի երկարած մօրուքէն, որ աւելի զգալի կը դարձնէ… ամերիկեան ածելիի մը ստիպողական կարիքը:
ԳԻՍԱՒՈՐ