Արուեստի Աշտարհէն. Մոցարթի Դաշնակի Մէկ Գործը Ի Յայտ Կու Գայ Աւստրիոյ Մէջ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
«ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՊԱՏՄԷ ՁԵՂՆԱՅԱՐԿԷ ՄԸ ԴՈՒՐՍ ԵԿԱԾ ՆՈՐ ԳԱՆՁԻ ՄԸ ՄԱՍԻՆ…
Մոցարթի ցարդ անծանօթ մէկ գործը ի յայտ եկած է Աւստրիոյ մէջ: Կ՛ենթադրուի, թէ երաժիշտը զայն յօրինած է 1767-ին կամ 1768-ին, այսինքն` շուրջ 10 տարեկանին:
Երաժշտական այս կտորը պահուած է նօթատետրի մը մէջ, որ մոռցուած է ձեղնայարկի մը մէջ:
Ուսումնասիրողներու համաձայն, գոյութիւն ունին հաւաստի ապացոյցներ, որոնք կը փաստեն, թէ «Ալլեկրօ մոլթօ»-ն Մոցարթի մէկ ստեղծագործութիւնն է:
Անիկա ընդօրինակուած է նօթատետրի մը մէջ, որ կը կրէ Տել Սինիորէ Ճիովանէ Վոլֆկանկօ Մոցարթ անունը:
Թէեւ երաժշտութիւնը գրուած չէ Մոցարթի ձեռագիրով, ոչ ալ անոր հօր` Լէոփոլտի, սակայն Սալզպուրկի Մոցարթէում հիմնարկին մէջ աշխատող պատմաբաններ համոզուած են, թէ անիկա կը պատկանի նորափթիթ երաժիշտին:
Երաժշտութեան մասնագէտ Պիլտըկարտ Հերման-Շնայտըր կ՛ըսէ, թէ միայն Լէոփոլտ Մոցարթ կը գործածէր նշուած անունը, երբ կ՛արձանագրէր իր զաւկին անունը:
Ձեռագիր նօթատետրը կը բաղկանայ 160 էջերէ եւ կը կրէ 1780 թուականը: Անիկա կը պարունակէ նաեւ այլ կտորներ, որոնք կը պատկանին Մոցարթի հօր:
Աւստրիացի երաժիշտ Ֆլորիան Պիրսաք 4 վայրկեան տեւողութեամբ կտորը նուագած է Մոցարթի մանկութեան բնակարանին մէջ, երաժիշտին գործածած դաշնակին վրայ:
Ան կ՛ըսէ. «Ասիկա ոեւէ մէկուն ստեղծագործութիւնը չէ, անոր մէջ արդէն կը տեսնենք կայծը այն մեծ Մոցարթին, զոր ան պիտի դառնար հետագային»:
Ուսումնասիրողներ 2009-ին ի յայտ բերած էին երաժշտական երկու գործեր, որոնք ենթադրաբար կը պատկանին Մոցարթի եւ յօրինուած են, երբ ան 7 կամ 8 տարեկան էր:


