Արուեստի Աշխարհէն. Բռնատէրերը Կը Նպաստե՞ն Արուեստին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՄՇԱԿՈՅԹԸ ԿԸ ԾԱՂԿԻ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐՈՒ ԵՒ ԹՇՆԱՄՈՒԹԵԱՆ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻ ՄԸ ՄԷՋ, ԵՒ ՈՉ` ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ: ՅԻՇԱՏԱԿԵԼԻ ԱՅՍ ԱԿՆԿԱՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱԲԵՐԻ ՀԵՐԻ ԼԱՅՄ ԱՆՈՒՆՈՎ ՏԻՊԱՐԻ ՄԸ: ՓԻԼԻՍՈՓԱՅ ՃՈՆ ԿՐԷՅ* «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՄԷՋ ՊԱՂ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՕՐԵՐՈՒ ԼՐՏԵՍԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՈՍՏԱՅՆ ՄԸ ՔԱԿԵԼՈՎ` ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՎԻՐԱՀԱՏԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄ ՄԸ:
«Պորճաներու իշխանութեան օրով իտալացիները ապրած են պատերազմի, սարսափի, սպանութեան եւ արիւնահեղութեան 30 տարիներ, սակայն այս շրջանին անոնք ծնունդ տուած են Միքելանճելոյի, Լէոնարտօ տա Վինչիի եւ Վերածնունդի ժամանակաշրջանին: Զուիցերիան ապրած է եղբայրական սիրոյ, ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան 500 տարիներ, սակայն ի՞նչ արտադրած է. միայն կուկու ժամացոյցը»:
Երբ Օրսըն Ուելս արտասանած էր այս բառերը` մարմնաւորելով 1949-ին արտադրուած «Տը թըրտ մեն» ժապաւէնին մէջ գրաւիչ, բայց նենգ Հերի Լայմի տիպարը, ան չէր պատկերացուցած, թէ անոնք պիտի արձագանգէին յաւիտեան: Կրահամ Կրին, որ գրած էր ժապաւէնին բնագիրը, յայտնած է, թէ այս տողերուն հեղինակը նոյնինքն Ուելսն էր: Յայտնապէս Ուելս զանոնք աւելցուցած էր, երբ ժապաւէնին նկարահանումին ընթացքին կարիքը զգացուած էր յաւելեալ երկխօսութեան:
Այնուհետեւ այս տողերը գամուած են յիշողութեան մէջ, որովհետեւ կը խտացնէին հոգեխռով, սակայն միաժամանակ` մտածելու մղող գաղափար մը: Թերեւս Ուելսի գիտցած պատմութիւնը այնքան ալ ճիշդ չէր: Զուիցերիա զինուորական գլխաւոր ուժ էր Վերածնունդի ժամանակաշրջանին, իսկ կուկու ժամացոյցը յայտնուած էր աւելի ուշ` Պաւարիոյ մէջ: Սակայն այն գաղափարը, թէ մշակոյթը կը ծաղկի պատերազմական եւ բռնատիրական վիճակներու մէջ, անժխտելի հիմք մը ունի իբրեւ ճշմարտութիւն:
Գիտենք, թէ արուեստը կրնայ ծաղկիլ բռնատէրերու իշխանութեան տակ, սակայն կը դժկամինք ընդունելու այս: Եթէ ստեղծագործականութիւնը եւ բռնատիրութիւնը կրնան գոյակցիլ, ապա կը թուի, թէ ազատութեան արժէքը կը նսեմանայ: Կը թուի, թէ Ուելսի բառերը կ՛արտայայտեն վտանգաւոր ճշմարտութիւն մը: Ճշմարտութիւն մը, զոր պիտի ուզէինք մոռնալ, սակայն չենք կրնար զայն դուրս շպրտել մեր ուղեղէն:
Երկդիմի Հաւատարմութիւններ

*Ճոն Կրէյ հեղինակն է «Ֆոլս տոն. տը տիլուժընզ աֆ կլոպըլ քափիթըլիզմ» (կեղծ արշալոյս. համաշխարհային դրամապաշտութեան պատրանաթափութիւնները) գիրքին:
Անշուշտ Լայմ ինքնին վտանգաւոր գրաւչութիւն մը ունի: Բ. Աշխարհամարտէն ետք չորս գօտիներու բաժնուած Վիեննայի խորհրդային թաղամասերու ապահովութեան մէջ Լայմ կը զբաղի նօսրացած փենիսիլինի առեւտուրով. ապօրինի գործառնութիւն մը, որ սարսափելի վնասներ կը պատճառէ իր զոհերուն:
Սակայն Լայմ կը ներշնչէ վստահութիւն, նոյնիսկ` սէր: Թերթի մը մէջ պատմութիւններ գրող Հոլի Մարթինզ, որ Վիեննա կը ժամանէ` փնտռելով իր մանկութեան տարիներու հերոսը, խորապէս պատրանաթափ կը դառնայ, երբ կը լսէ իր բարեկամին գործած ոճիրներուն մասին եւ կը լսէ, թէ Լայմ, որ կը կարծուէր, թէ սպաննուած էր փողոցին մէջ պատահած արկածի մը պատճառով, ողջ էր եւ կ՛ապրէր քաղաքին խորհրդային մասին մէջ:
Այսուհանդերձ, Լայմի սիրահարը միշտ հաւատարիմ կը մնայ իրեն, թէեւ գիտէ, թէ Լայմ ծրագրած էր դաւաճանել իրեն եւ խորհրդային իշխանութիւններուն յայտնել, թէ գաղթական մըն էր` կեղծ փաստաթուղթերով: Ժապաւէնին անմոռանալի վերջին 60 երկվայրկեաններուն ան Լայմի երկրորդ յուղարկաւորութենէն ետք դանդաղ քայլերով կ՛անցնի Մարթինի քովէն, որ սպասած էր` զինք տեսնելու համար, սակայն կանգ չ՛առներ, ոչ ալ` որեւէ ուշադրութիւն կը դարձնէ անոր:
Բաժանուած քաղաք մը պատկերող իր տեսարաններով` «Տը թըրտ մեն» ժապաւէնը կը պեղէ այն երկդիմի եւ խաբուսիկ երեւոյթները, որոնք անհրաժեշտ են հաւատարմութեան: Այս երեւոյթներէն ոմանք թափանցած են ժապաւէնին պատրաստութեան մէջ: 1948-ի վերջերուն, երբ Վիեննայի տեսարանները կը նկարահանուէին, Երկաթէ վարագոյրը իջած էր, եւ Պաղ պատերազմը սկիզբ առած էր: Արեւելեան եւրոպացիներուն համար ասիկա պիտի նշանակէր 40 տարուան համայնավար բռնատիրութիւն մը:

Ստուերային Վիեննայի մէջ տեղադրուած «Տը թըրտ մեն» ժապաւէնը նկարահանուած է 1949-ին, Բ. Աշխարհամարտէն ետք, Պաղ պատերազմի սկիզբը:
Իսկ Բրիտանիոյ եւ Արեւմուտքի համար ասիկա կը նշանակէր ընդունիլ այն իրողութիւնը, թէ դաշնակից մը վերածուած էր թշնամիի: Թերեւս նացիական ներխուժումներուն դէմ առանց խորհրդային դիմադրութեան` Բ. Աշխարհամարտը վերջ պիտի գտնէր տարբեր ձեւով: Եւ զարմանալի չէ, որ բրիտանական իշխանութիւններ պիտի արգիլէին Խորհրդային Միութեան որեւէ ժխտական պատկերում, երբ տակաւին կ՛ապաւինէին անոր զօրակցութեան:
Նման հռչակաւոր օրինակ մըն էր Ճորճ Օրուելի «Էնիմըլ ֆարմ» վէպը, ընկերային-քաղաքական փայլուն ձաղկում մը: 1944-ին անիկա մերժուած էր բանաստեղծ Թի. Էս. Էլիըթի կողմէ, որ այդ ժամանակներուն տնօրէնն էր «Ֆէյպըր էնտ ֆէյպըր» հրատարակչատան: Պատճա՞ռը. «Էնիմըլ ֆարմ» չէր պարունակեր «այն ճիշդ դիտանկիւնը, ուրկէ կարելի էր քննադատել ներկայ ժամանակներու քաղաքական կացութիւնը»:

«Տը թըրտ մեն». դասական ֆիլմ նուար մը, որուն բեմադրիչն է Քարոլ Ռիտ: Բնագիրը կը պատկանի վիպագիր Կրահամ Կրինի:
Սակայն նուազ ծանօթ իրողութիւն է, թէ Օրուելի գլուխ գործոցը արդէն մերժուած էր հրատարակիչներ Վիքթոր Կոլանչի եւ Ճոնաթըն Քէյփի կողմէ: Քէյփ զայն մերժած էր` պատերազմի ժամանակներուն Բրիտանիոյ տեղեկատուութեան նախարարութեան մէջ աշխատող պատասխանատուի մը խորհուրդով: Իրերայաջորդ դէպքերու շարքով մը, որ ինքնին արժանի պիտի ըլլար Կրահամ Կրինի մէկ վէպին նիւթին, այս պատասխանատուն կը կոչուէր Փեթեր Սմոլքա. ան Բրիտանիա գաղթած էր Վիեննայէն, իսկ նախապէս իբրեւ խորհրդային լրտես զինուորագրուած էր Բրիտանիոյ գաղտնի ոստիկանութեան բարձրաստիճան մէկ պատասխանատուին` Քիմ Ֆիլպիի կողմէ:
Դէպքերու իւրայատուկ զարգացումով մը` Սմոլքա դեր մը խաղցած է «Տը թըրտ մեն» ժապաւէնին պատրաստութեան մէջ: Կրահամ Կրին կ՛աշխատէր Բրիտանիոյ տեղեկատուութեան նախարարութեան գրական բաժանմունքին մէջ, ուր Սմոլքա կը գլխաւորէր խորհրդային նիւթերու բաժանմունքը: Երկուքը իրարու հանդիպած էին Վիեննայի Սախըր պանդոկին մէջ, 1948-ի սկիզբը: Սմոլքա այս պանդոկին մէջ Կրինի ցոյց տուած էր շարք մը կարճ պատմուածքներ` քաղաքին յետ-պատերազմեան կեանքին վերաբերեալ, ներառեալ` նօսրացած փենիսիլինի առեւտուրին:
Սմոլքա վճարում մը կը ստանար իբրեւ ժապաւէններու բնագիրի խորհրդատու: Կրին յարգանքի անուղղակի տուրք մը մատուցած է «Տը թըրտ մեն» ժապաւէնին բնագիրին մէջ Սմոլքայի ներդրումին. Հոլի Մարթինզ իր բարեկամին` Լիմայի մասին ճշմարտութիւնը կը լսէ գինետան մը մէջ, որ կը կոչուի «Սմոլքա՛զ»:
Այս պատմութիւնը ունեցած է յաւելեալ զարգացում մը. երբ 1949-ին Ճորճ Օրուել կը տառապէր հիւծախտէ եւ կը մահանար հիւանդանոցին մէջ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն ստացած էր հրահանգ մը` տալու անունները համայնավար այն անձերուն, որոնց հաւատարմութեան կարելի չէր ապաւինիլ` Խորհրդային Միութեան դէմ որեւէ պատերազմի պարագային: Օրուել հնազանդած էր եւ կազմած էր ցանկ մը, որուն մաս կը կազմէր Սմոլքայի անունը: Օրուել զայն նկարագրած էր իբրեւ «անձ մը, որ խիստ կերպով կը ստեղծէ ռուս լրտեսի մը տպաւորութիւնը»:
Օրուել յաճախ քննադատութեան թիրախ դարձած է` բրիտանական իշխանութիւններուն հետ այս ձեւի գործակցութեան համար: Սակայն կ՛արժէ յիշել, որ ան Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին հանրապետական ուժերուն կողքին կռուելու ժամանակ տեսած էր այն անխնայ վարմունքը, զոր Խորհրդային Միութեան ծառայող անձերը կը ցուցաբերէին իրենց թշնամիներուն նկատմամբ:
Դժուար է երեւակայել, թէ Օրուել խղճահար պիտի զգար նման ցանկ մը յանձնելով Բրիտանիոյ իշխանութիւններուն: Ի վերջոյ անոր կարծիքը ճիշդ էր Սմոլքայի մասին: Միայն Խորհրդային Միութեան քայքայումէն ետք ի յայտ եկաւ, թէ ան խորհրդային լրտես մըն էր:
Ընկերային Համերաշխութիւնը
Կը Հակասէ Մշակութային Ծաղկումի
Պաղ պատերազմի տարիները լեցուն էին սարսափով եւ կասկածով, սակայն միշտ չէ, որ հալածախտ կարելի էր կոչել այս: Սմոլքայի նման անձերու պարտականութիւնն էր ազդեցութիւն բանեցնել գրագէտներու, ժապաւէն պատրաստողներու եւ այլոց վրայ, որպէսզի դրական ձեւով ներկայացնէին Խորհրդային Միութիւնը: Կ՛ըսուի, թէ Սմոլքան էր, որ առաջին անգամ յայտնած էր գաղափարը յետ-պատերազմեան Վիեննայի մէջ ժապաւէն մը տեղադրելու եւ այս առաջարկը ներկայացուցած էր բեմադրիչ Ալեքսանտըր Քորտայի:
Այսուհանդերձ, եթէ Սոլքա կը միտէր իր ներգործութիւնը ունենալ ժապաւէնին վրայ, ապա պէտք է ըսել, թէ ան չէր յաջողած: Լայմի արտասանած տողերուն հաւանաբար կարելի էր տալ այն մեկնաբանութիւնը, թէ արուեստները կրնային ծաղկիլ` խորհրդային բռնատիրութեան տակ: Սակայն, մինչ Լայմ կ՛արհամարհէր ժողովրդավարութիւնը, անդին` ան չէր զօրակցեր ապագայի վերաբերող խորհրդային ոճի որեւէ տեսլականի: Լայմ ժամանակի մէջ կը նայէր դէպի ետ: Ան ըսել կ՛ուզէր, թէ գեղարուեստական ստեղծագործականութիւնը կը ծաղկի բախումներու այն մթնոլորտին մէջ, որ կը ստեղծուի բռնատէրերու իշխանութեան տակ ապրելու պատճառով: Ի տարբերութիւն` մարդկային այն ընկերութիւնը, որ ենթադրաբար պէտք էր կազմաւորուէր Խորհրդային Միութեան տարածքին, պիտի ապրէր խաղաղ եւ համերաշխ: Այս պարագային, Լայմի կարծիքով, ծաղկող մշակոյթի ոչ մէկ հեռանկար գոյութիւն պիտի ունենար:
Ուելս մատնացոյց կ՛ընէր իրողութիւն մը, որ կապ չունէր Պաղ պատերազմի հետ: Արուեստները միշտ ալ ծաղկած են այնպիսի վարչակարգերու տակ, զորս բռնատիրական պիտի կոչէինք: Պատճառը այն չէ, որ արուեստագէտներ եւ գրագէտներ իրենց լաւագոյն գործերը կ՛արտադրեն, երբ կը հալածուին, ինչ որ վիպերգական սովորամոլութիւն մըն է պարզապէս եւ չի դիմանար որեւէ լուրջ քննութեան:
Այլ` պատճառը այն է, թէ բռնատէրեր բաւական ազատութեան առիթ տուած են մարդկային ընկերութեան: Հնադարեան Չինաստանի վարչաձեւը երբեք չէր նմաներ արդի ժամանակներու ժողովրդավարութեան: Սակայն անիկա ծնունդ տուած է երբեւիցէ ստեղծուած արուեստի մեծագոյն գործերուն, մինչդեռ Մաօ Ցէթունկի Չինաստանը ոչինչ տուած է: Ցարական ժամանակներու Ռուսիոյ մէջ գոյութիւն ունէր ամէն տեսակ խտրականութիւն եւ անարդարութիւն: Սակայն 19-րդ դարու վերջերուն եւ 20-րդ դարու սկիզբը ցարական Ռուսիան կը գտնուէր գրականութեան, գեղանկարչութեան, երաժշտութեան եւ պարի յառաջապահ դիրքերու վրայ: Խորհրդային Միութիւնը համեմատաբար շատ քիչ բան արտադրած է: Արուեստները ծաղկած են Հապսպուրկներու կայսրութեան ժամանակաշրջանին, մինչդեռ նացիականութիւնը ծնունդ տուած է Լենի Ռիֆենսթահլի վանողական եւ գերագնահատուած «Թրայըմֆ աֆ տը ուիլ» ժապաւէնին: Մինչ ինքնիշխան վարչակարգերը որոշ չափով հանգիստ կը ձգեն մարդկային ընկերութիւնը, անդին` ամբողջատիրական վարչակարգերը կը ձգտին իրենց հակակշիռին տակ առնել ամէն ինչ: Անխուսափելիօրէն` հետեւանքը մշակութային անապատ մըն է:
Թերեւս մշակոյթը կարիքը չունի ժողովրդավարութեան կամ խաղաղութեան, սակայն անիկա չի զարգանար առանց որոշ չափի ազատութեան: Եւ ասիկա կը պահանջէ ազդեցութեան տարբեր կեդրոններ, որոնք կը գործեն բացայայտ կերպով եւ երբեմն` հակադրուելով իրարու: Իրաւամբ սորված ենք մշակութային որեւէ դեր չվստահիլ պետութեան: Երբ արուեստագէտներ եւ գրագէտներ կ՛ապաւինին միայն պետութեան, արդիւնքը լաւագոյն պարագային կը դառնայ խտրականութիւն եւ միջակութիւն:
Սակայն այն գործընթացները, որոնց միջոցով կը ստեղծուի եւ կը վերանորոգուի արուեստը, բարդ են եւ այլազան: Եւ նոյնքան անմտութիւն պիտի ըլլար մտածել, թէ մշակութային ծաղկում մը կարելի է ստեղծել` զուտ շուկայական ուժերով: Կենսունակ մշակոյթը կը ստեղծուի մրցակցութեամբ եւ հակամարտութեամբ` տարբեր հաստատութիւններու միջեւ, ինչպէս` պետութեան կողմէ նպաստ ստացող արուեստի խորհուրդներ, գրադարաններ, եկեղեցիներ, որոշ դատ մը պաշտպանող խմբաւորումներ, ինչպէս նաեւ` անհատական եւ գործակցական հովանաւորութիւններ:
Ա՛յս է իմաստը Հերի Լայմի հռչակաւոր խօսքին: Մշակոյթը կը ծաղկի մրցակցութեամբ եւ հակամարտութեամբ, եւ ոչ` ընկերային համերաշխութեան անկենդան երեւակայութեամբ: Առանց նման ստեղծագործական բախումի, իրօք, միայն կուկու ժամացոյցներ կրնանք արտադրել: