«Սեւ Պարտէզ»-ին Ընդմէջէն Տուտուկի Եւ Խորհուրդի Իւրայատուկ Ներկայացում` Սէրուժ Պաղտասարեանի Կողմէ

Ն. Բ.

Լքեալ ու մոռացութեան գիրկը ինկած պանդոկ մը, որուն մէջ, սակայն, կեանքի նշոյլները կը յամենան, հինէն եկող ու դէպի ապագայ գացող պատկերներ, քայլեր, դէմքեր, շարժումներ, պար եւ երաժշտութիւն: Հինի ու նորի միախառնում, սեւի ու ճերմակի միաձուլում, աւանդական երաժշտութեան ընդմէջէն ծնունդ առնող նոր կշռոյթներով նուագ մը, որուն մէջ տիրական ներկայութիւն է հայկականութիւնը` տուտուկի հնչեղութեամբ:

Լիբանանահայ երաժշտական արտադրիչ եւ յօրինող Սէրուժ Պաղտասարեան իր «Սեւ պարտէզ» խորագրեալ նոր տեսահոլովակին ընդմէջէն հայ թէ օտար արուեստասէրը կը տանի սեւազգեստ աղջկան մը քայլերով` իր կողմէ «Արցախ» երաժշտական նորացուած եւ վերամշակուած կտորին ընկերակցութեամբ:

«Դէպքը տեղի կ՛ունենայ Սաուֆարի մէջ գտնուող «Կրանտ հիլզ» պանդոկին մէջ, որ ներկայիս լքեալ է, կը պատկանի Սըրսոք ընտանիքին:  Հետաքրքրական է այն, որ թէեւ պատմութեան հիմնական գիծեր կան այս տեսահոլովակին մէջ, սակայն իւրաքանչիւր դիտողի կատարած մեկնաբանութիւններուն եւ ունեցած ընկալումներուն ընդմէջէն պատմութիւնը աւելի եւս կը զարգանայ, եւ տեսահոլովակը կը հարստանայ: Սեւ հագած աղջիկը պանդոկին կը մօտենայ, անոր շուրջ կը քալէ, տուտուկին ձայնը կը լսէ, կը փորձէ այդ ուղղութեամբ երթալ, ներս կը մտնէ, բայց ոչ ոք կը գտնէ հոն, որովհետեւ խորքին մէջ իր լսածը յիշողութեան կը պատկանի, իսկ պարողներն ու նուագողները երեւակայածին են: Սեւազգեստ աղջիկը կը ներկայացնէ հին սերունդը, իսկ պարողներն ու նուագողները կը միաձուլեն հեռաւոր անցեալը եւ վերապրող ու գոյատեւող նոր սերունդը: Այդ պատճառով ալ աղջիկը ոչ ոք կրնայ գտնել, որովհետեւ յիշողութիւնն ու ապագան են անոնք, որոնք իր մտապատկերին մէջ փորագրուած են: Աղջիկը սեւ հագած է, որովհետեւ ձեւով մը Ցեղասպանութեան զոհերը կը խորհրդանշէ, իսկ սպիտակազգեստ պարողներն ու նուագողները վերապրողներն ենք», «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Սէրուժ Պաղտասարեան:

Տեսահոլովակը դիտողներուն կողմէ եղած տարբեր մեկնաբանութիւններն ու վերլուծումները գոհունակութիւն կը պատճառեն հեղինակին, որովհետեւ` «արուեստի որեւէ գործ այդպէս պէտք է ընկալուի, իւրաքանչիւրը պէտք է իր մօտեցումը ունենայ, իր աչքերով դիտէ, իր հոգիով ընկալէ եւ իր ձեւով հասկնայ», յայտնեց Պաղտասարեան:

Ասիկա երիտասարդ արուեստագէտին երկրորդ տեսահոլովակն է, առաջինը «Տլէ Եաման»-ն էր, զոր երեք տարի առաջ նկարահանած է` իր առաջին ձայնասկաւառակէն ետք:

Արա Գէորգեանի «Արցախ» երգը ներշնչած է Պաղտասարեանը, որ վերամշակած է երաժշտական այս կտորը` տիրականօրէն տուտուկ աւելցնելով անոր: Ս. Պաղտասարեան կը պատրաստէ իր նոր ձայնասկաւառակը, որուն մէջ կան անձնական ստեղծագործութիւններ, վերամշակումներ, ինչպէս նաեւ երգեր:

«Սեւ պարտէզ»-ը, որ պիտի ներառուի այս ձայնասկաւառակին մէջ, ձեւով մը  նախապատրաստութիւնն է անոր նոր ստեղծագործութեան հրապարակման :

«Տեսահոլովակին անունը` «Սեւ պարտէզ», պարսկերէնով կը նշանակէ Ղարաբաղ. նկատի ունենալով, որ հնչող երգը «Արցախ»-ն է, յարմար նկատեցի այդ խորագիրը տալ տեսահոլովակին:  Ըսեմ նաեւ, որ այս երգը հին ստեղծագործութիւն է, զոր վերակենդանացուցած է Արա Գէորգեանը տասը տարի առաջ, իսկ ես առաւել եւս արդիականացուցի զայն», դիտել տուաւ Ս. Պաղտասարեան:

Նման աշխատանքի մը ձեռնարկելուն հիմնական նպատակին մասին «Ազդակ»-ի ուղղած հարցումին պատասխանելով` Սէրուժ Պաղտասարեան յայտնեց. «Բուն նպատակս տուտուկը աշխարհին ծանօթացնելն ու  տարածելն է, Դիմատետրի վրայ յաճախ կը հանդիպիմ արտայայտութիւններու, որոնց ընդմէջէն յստակ կը դառնայ, որ օտարները այդքան ալ ծանօթ չեն տուտուկին, ուստի այդ իմաստով ներդրում ունենալու նպատակ կը հետապնդէի»:

Տեսահոլովակին բեմադրիչն է Սիւզի Սլմեն, հայկական պարով հանդէս կու գան Սէրուժի քոյրը` Նայիրա Պաղտասարեան, ինչպէս նաեւ Համազգայինի պարախումբէն Սարին Մարկոսեան եւ Մարիա Կայծակեան: Տուտուկը նուագուած եւ արձանագրուած է Հայաստանի մէջ, իսկ տեսահոլովակին մէջ նուագողի դերը կը կատարէ Աշոտ Թազեան: Հետաքրքրական է նաեւ Սէրուժի մասնակցութիւնը` իբրեւ դաշնակահար, որովհետեւ այդպիսով աւելի եւս կը կենդանանայ եւ անմիջական կը դառնայ տեսահոլովակը` իր հեղինակին ներկայութեամբ:

Ս. Պաղտասարեան յայտնեց, որ նկարահանումը կատարուած է մէկ օրուան ընթացքին, պատրաստութիւնը գրեթէ մէկ շաբթուան մէջ տեղի ունեցած է: «Ազդակ»-ի հետ զրոյցին աւարտին ան  շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին իր ծրագիրին յաջողութեան, յատկապէս ԳՈՀԱՐ-ի մեծ ընտանիքին:

Ան նաեւ տեղեկացուց, որ շուտով տեսահոլովակը պիտի սկսի սփռուիլ պատկերասփիւռի տարբեր կայաններէն: Դիմատետրին վրայ բաւական տարածում գտած է, արժանացած է մեծ թիւով հայ եւ օտար անձերու գնահատանքին:

Երիտասարդ արուեստագէտի մը կողմէ եղած այս նախաձեռնութիւնը ողջունելի ու քաջալերելի է, մանաւանդ որ անիկա կը միտի հայկականը ծանօթացնել օտարին, հայկական արժէքներուն կառչելով բացուիլ օտարին ու պահպանել հարազատը:

«Սեւ պարտէզ» տեսահոլովակը կարելի է դիտել այցելելով հետեւեալ կայքէջերը` http://www.crouge.com/blackgarden
http://www.youtube.com/watch?v=Y16jM4ajcxQ

Նշենք, որ Սէրուժ Պաղտասարեան արդէն իսկ ունի երկու ձայնասկաւառակներ` «Eternity» եւ «GenoTrancide» խորագիրներով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES