Մըքտատ Ընտանիքը Առիթ Կու Տայ Լիբանան-Թուրքիա Բանակցութիւններուն
Մըքտատ ընտանիքի պաշտօնական բանբեր Մահեր Մըքտատ երէկ յայտարարեց, որ ընտանիքը որոշած է Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն յատուկ նախարարական յանձնախումբին, կրօնաւորներուն եւ քաղաքական կարգ մը կողմերուն փափաքին ընդառաջել` կասեցնելով առեւանգումները եւ առիթ տալով, որ լիբանանեան պետութիւնը շարունակէ իր աշխատանքը:
Մահեր Մըքտատ շեշտեց, որ իրենք կը պահանջեն իրենց զաւկին` Հասսան Մըքտատի ազատ արձակումը, եւ յոյս յայտնեց, որ լիբանանեան իշխանութիւններուն ու Թուրքիոյ միջեւ բանակցութիւնները յաջողին եւ քանի մը օրէն կարելի ըլլայ այդ բանակցութիւններուն գծով դրական արդիւնքներու յանգիլ:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց իսլամ քարոզիչ սէյիտ Ալի Ֆատլալլայի, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիոյ համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ ինք կը յուսայ, որ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը դրական լուծում ստանայ:
Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ Թուրքիա առաջին իսկ օրէն փափաքած է ազատ արձակել առեւանգուած լիբանանցիները, եւ անոր ջանքերը յաջողութեամբ պիտի պսակուէին, եթէ որոշ միջամտութիւններ պատճառ չդառնային այդ բանակցութիւններուն խոչընդոտումին:
Էօզեըլտըզ համբերութեան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն:
ՆՇԵՆՔ, որ Սուրիական ազատ բանակի քաղաքական խորհրդական Պասսամ Տատա շեշտեց, որ մարդկային իրաւանց ծիրին մէջ գործող թրքական կազմակերպութիւններ կը ջանան դատական հարց յարուցել Հըզպալլայի եւ Մըքտատ ընտանիքին անդամներուն դէմ` թուրք քաղաքացիի մը առեւանգումին հարցով: