Մերեհպիի Անձեռնմխելիութիւնը Ջնջելու Պահանջ

Խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարութիւնը արդարութեան նախարար Շեքիպ Քըրթպաուիէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ պահանջուեցաւ երեսփոխան Մույին Մերեհպիի անձեռնմխելիութիւնը ջնջել, որպէսզի ընդհանուր դատախազութիւնը` ընդառաջելով բանակի հրամանատարութեան պահանջին, կարենայ զինք հետապնդել` համայնքային գրգռութիւններ հրահրելու յանցանքով:

Մինչ երեսփոխան Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ ինք պատրաստ է հաշուետուութեան եւ մաղթեց, որ հաշուետուութիւն կատարուի բոլորին պարագային, երեսփոխան Մարուան Համատէ յայտնեց, որ այդ պահանջը հակասահմանադրական է, եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն պահանջեց այդ պահանջը վերադարձնել արդարութեան նախարարութեան:

Իր կարգին, Քըրթպաուի յայտնեց, որ եթէ խորհրդարանը մերժէ ջնջել Մերեհպիի անձեռնմխելիութիւնը, ապա այդ հարցը ինքնաբերաբար կը փակուի, իսկ եթէ ջնջէ, ապա հետաքննութիւնը կը սկսի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )