50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ( 19 ապրիլ 1961 )

ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՆԴԷՍ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆԻՆ

Համազգայինի կազմակերպութեամբ, նախորդ կիրակի օր, Հալէպի «Սինեմա Սուրիա»ի սրահին մէջ տեղի ունեցած է մեծարանքի հանդէս մը` ի պատիւ երկու շաբաթէ ի վեր Հալէպ գտնուող գրագէտ Նշան Պէշիկթաշլեանի:

Համազգայինի վարչութեան ատենապետ Պ. Միսիրեան բացումը կատարած է, իսկ Ե. Տեմիրճեան ներկայացուցած գրագէտը: Գործադրուած է գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը:

Ապա, որոտընդոստ ծափերու տարափին տակ բեմ բարձրացած է մեծանուն երգիծաբանը, որ շատ յուզուած, խօսած է սփիւռքահայ կեանքին, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի կլանիչ միջավայրին եւ ձուլման վտանգին մասին եւ շեշտած համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Խօսքը վերջացնելով, մաղթած է, որ հայութիւնը ամփոփուի ընդարձակուած եւ շնչելի Հայաստանի մէջ եւ դառնայ մաքրամաքուր, տիպար ժողովուրդ, որպէսզի երբ ծնի չորրորդ մեծ երգիծաբանը, երգիծանքի առարկայ ոեւէ հայ անհատ կամ երեւոյթ չգտնէ իր շուրջ եւ իր գրիչը մէկ կողմ նետէ:

ՀՈԼԱՆՏԱՅԻ ԳԱՂՈՒԹԸ Կ՛ՈՒԶԷ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՈՒՆԵՆԱԼ

Հոլանտայի փոքրաթիւ հայ գաղութը` կեդրոն ունենալով Ամսթերտամը, մտադրած է կանխորոշուած սակերով հանգանականութիւն մը կատարել, արտասահմանէն հայ քահանայ մը, վարդապետ մը եւ կամ առաջնորդ մը Հոլանտա հրաւիրելու համար: Այսպիսով, այս հեռաւոր գաղութի մեր ազգակիցները առիթը պիտի ունենան տարին գոնէ երկու երեք անգամ հոգեւոր մխիթարութիւն ստանալու եւ իրարու մօտ գալու: Հանգանակութեան գումարը պիտի յատկացուի հրաւիրուելիք կղերականներու ճամբու, պանդոկի եւ այլ ծախսերուն:

Մօտ ատենէն այստեղ պիտի կատարուի նաեւ քուէարկութիւն, կազմելու համար ազգային մարմին մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ զբաղիլ նման գործերով:

ԹՈՒՐՔ ՄԱՄՈՒԼ

«ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԳՆԱՑՔԸ»
ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱ

ԹՈՒՐՔԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Վ ԿԸ ԶԲԱՂԻՆ

Պոլսոյ «Վաթան» թերթին մէջ Պիւրհան Արփատ, կը գրէ.-

Այս օրերուս, երբ Թուրքիոյ մէջ մտաւորականները եւ փոլիթիկոսները ամէն ինչ մոռցած են «պոչ»ի, «անկեալի», «ամենայարմար սահմանադրութիւն»ի գրականութեամբ, 100 հազարաւոր ամերիկացի եւ անգլիացի «խաղաղութեան գնացք» կը կատարեն: Գնացքին մասնակցողներուն թիւը` Նիւ Եորքի մէջ 800 հազար, Լոնտոնի մէջ 30 հազար է: Գնացքին նպատակակէտն է հիւլէական զէնքերուն արգիլումը: Ամերիկեան Ա. Փ. գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ գնացքը սկսած է 200 հոգիով քանի մը ժամ յետոյ ձիւնակոյտի մը պէս մեծնալով հասած է 800 հազար նիւեորքցիի:

Ինչո՞ւ համար 800 հազար նիւեորքցի եւ 30 հազար լոնտոնցի դէմ են հիւլէական զէնքերու: Այսպիսի հարցում մը` աշխարհի ընթացքին անգիտակ հաւաքականութիւններուն միտքը կրնայ գալ միայն: Որովհետեւ Ծայրագոյն Արեւելքէն, մինչեւ Միացեալ Նահանգներ, Հարաւ Ափրիկէէն մինչեւ Քանատա, հարիւրաւոր միլիոն մարդեր գիտեն հիւլէական զէնքերու զարհուրելիութիւնը: Գիտեն, թէ հակառակ անոր որ 15 տարի անցած է այն օրէնէ ի վեր, երբ առաջին հիւլէական ռումբը պայթեցաւ Հիրոշիմայի մէջ, այդ ռումբին հետեւանքով մարդիկ կը մեռնին տակաւին, այդ ահարկու օրերէն փրկուողները անհասկնալի հիւանդութիւններու ենթարկուելով ճանճի պէս կը մեռնին: Մարդիկ գիտեն, թէ հիւլէական ռումբը, այն օրէն ի վեր բոլորովին ահարկու դարձած է, միջրածնային կամ նմանօրինակ ռումբով կարելի է բնաջնջել ոչ թէ քաղաք մը, այլ ամբողջ երկիր մը: Մարդիկ գիտեն այս բաները, եւ հրթիռ, հեռավար ռումբ խօսքերը իրենց քունը կը փախցնեն, մարդիկ կը խլրտին: Որովհետեւ այդ ահարկու զէնքերուն դէմ կանգնողներուն գլուխը կը գտնուին ամէնէն համբաւաւոր գիտնականներ, մտաւորականներ, որոնք նուիրուած են մարդկութեան: Բրիտանացի մեծ փիլիսոփայ Պերթրանտ Ռասըլ, իտէալիստ իմաստասէր Ալպերթ Շվայցէր, անհամար գերման եւ ֆրանսացի գիտական համբաւներ, ամէնէն առջեւէն կը քալեն:

Լուռ պայքար մը կը մղուի, պայքար մը, որ առնչութիւն ունի հազարամեակներէ ի վեր մեզի փոխանցուած մշակոյթը, յառաջդիմութիւնը, աւելի երջանիկ ապագայի մը յանձնելու կամ մարդկութեան զանգուածային բնաջնջման երկընտրանքին հետ: Մեծահամբաւ գիտնականներ, արուեստագէտներ, օրապահիկի ետեւէ վազող բանուորներ, «փողոցի մարդիկ»ը, խաղաղութեան լուռ գնացքը կը կատարեն: Անոնք որ դաս քաղած են երկու աշխարհամարտներէն, կը ծառանան որպէսզի մարդկութիւնը երրորդ աշխարհամարտի մը չքաշկռտուի: Իսկ հոս, մենք, ատեն կ՛անցընենք «անկեալ», «պոչ», «ամենյարմար սահմանադրութիւն»ի գրականութիւնով: Ջայլամին պէս, որ կը կարծէ թէ վտանգէն կը փրկուի, եթէ գլուխը թաղէ աւազին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES