Մարդկային-Ընկերային Ընտրանքներ. Ամերիկացիք Ի՞նչ Կը Մտածեն Հարստութեան Եւ Անհաւասարութեան Մասին

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Նոյնիսկ ամերիկացիք կը հասկնան, թէ անհաւասարութիւնը լաւ գաղափար մը կամ սկզբունք մը չէ:

 

ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՏԻՒՔ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀՈԳԵԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՏՆՏԵՍԱԳԻՏԱԿԱՆ ՎԱՐՈՒԵԼԱԿԵՐՊԻ ԴԱՍԱԽՕՍ ՏԱՆ ԱՐԻԼԻԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՔ ՉԵՆ ԳԻՏԵՐ, ԹԷ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԲԱԺՆՈՒԱԾ Է ԻՐԵՆՑ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԷՋԻՆ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ ԱՆՈՐ ՄԷԿ ՅՕԴՈՒԱԾԸ ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏԿԵՐԱՑՈՒՄՆԵՐՆ ՈՒ ՑԱՆԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, ՈՐՈՆՔ ՇԱՏ ՀԵՌՈՒ ԵՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԵՒ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ:

Վերջերս անհաւասարութեան վերաբերեալ բազմաթիւ հարցումներ առաջադրուեցան, եւ քննարկումներ կատարուեցան: Տնտեսագէտներ յաճախ կը վիճին, թէ ի՛նչ չափի անհաւասարութիւն մը ընդունելի է ընկերութեան մէջ:

Սակայն Հարվըրտի Առեւտրական գիտութիւններու բաժանմունքի դասախօս Մայք Նորթընն ու ես որոշեցինք ընտրել տարբեր ուղի մը եւ մտածեցինք մարդոց հարցնել, թէ ի՛նչ չափի անհաւասարութիւն մը ընդունելի էր իրենց համար:

Անշուշտ այս հարցը դնելու բազմաթիւ միջոցներ կան: Մենք որդեգրեցինք փիլիսոփայ Ճոն Ռոլսի մօտեցումը:

Ռոլս ըսած է. «Արդար է մարդկային ա՛յն ընկերութիւնը, որուն մասին ամէն ինչ գիտնալէ ետք կամովին պիտի ուզէինք անոր մէջ մուտք գործել որեւէ անկիւնէ»: Ասիկա իրապէ՛ս գեղեցիկ սահմանում մըն է:

Ռոլս այս բնութագրումը նկարագրած է իբրեւ «տգիտութեան քող» մը, որովհետեւ, եթէ մէկը շատ հարուստ է, ապա պիտի ուզէր, որ հարուստները շատ դրամ ունենան, եւ աղքատները` շատ քիչ: Իսկ եթէ մէկը շատ աղքատ է, ապա պիտի ուզէր, որ աղքատները շատ աւելի դրամ ունենան, եւ հարուստները` քիչ:

Սակայն Ռոլսի սահմանումով` չենք գիտեր, թէ ո՛ւր կրնանք հասնիլ: Հարկ է նկատի ունենալ բոլոր ընտրանքները: Հետեւաբար հարկ է մտածել, թէ ո՛ր ընտրանքը նպաստաւոր է մարդկային ընկերութեան համար` իբրեւ ամբողջութիւն:

Անհասկացողութիւն

Այս մտածումով կեդրոնացանք ամերիկեան ընկերութեան վրայ: Դիմեցինք անձերու եւ անոնց թելադրեցինք, որ պահ մը ամերիկեան ընկերութիւնը երեւակայեն իբրեւ 5 «դոյլերու» բաժնուած ամբողջութիւն մը: Առաջին «դոյլը» կը  պարունակէ ամէնէն հարուստներու 20 առ հարիւրը, երկրորդ դոյլը` նուազ հարուստներու 20 առ հարիւրը, երրորդ դոյլը` աւելի նուազ հարուստներու 20 առ հարիւրը, չորրորդ դոյլը` շատ աւելի նուազ հարուստներու 20 առ հարիւրը, իսկ հինգերորդ դոյլը` ամէնէն աղքատներուն 20 առ հարիւրը:

Մեր առաջին հարցումը հետեւեալն էր. որքա՞ն հարստութիւն կը կարծէք, թէ կեդրոնացած է իւրաքանչիւր դոյլի մէջ:

Յայտնապէս մարդիկ շատ սխալ տպաւորութիւններ ունին:

Իրականութիւնը այն է, թէ ամէնէն վարի երկու «դոյլերուն» մէջ, այսինքն` ամերիկացիներուն 20 առ հարիւրին քով կայ երկրին հարստութեան միայն 0.3 առ հարիւրը, իսկ այլ 20 առ հարիւր մը գրեթէ ոչինչ ունի, մինչդեռ ամէնէն հարուստներուն 20 առ հարիւրին քով կեդրոնացած է երկրին շուրջ 84 առ հարիւրը:

Մարդիկ չեն հասկնար այս մէկը: Անոնք չեն հասկնար, թէ որքա՛ն հարուստ են երկրին ամէնէն հարուստները: Անոնք մանաւանդ չեն հասկնար, թէ որքա՛ն աղքատ են ամէնէն աղքատները:

Սակայն յաջորդ հանգրուանին մեր ուսումնասիրութեան մասնակցողներուն նկարագրեցինք Ռոլսի սահմանումը, այսինքն` անոր «տգիտութեան քողը» եւ այն գաղափարը, թէ օր մը կարելի է մաս կազմել ընկերային որեւէ խաւի մը: Ապա հարց տուինք, թէ ինչպիսի՞ ընկերութիւն մը պիտի փափաքէին ստեղծել: Որքա՞ն հարստութիւն պիտի ուզէին ունենալ: Հարստութեան ինչպիսի՞ բաժանում մը կը պատկերացնէին:

Եւ ի յայտ եկաւ, թէ մարդիկ կը փափաքին ստեղծել այնպիսի ընկերութիւն մը, ուր շատ աւելի հաւասարութիւն կը տիրէ, քան` աշխարհի տարածքին մարդկային որեւէ հաւաքականութեան մէջ: Անոնց երեւակայած ընկերութեան մէջ շատ աւելի հաւասարութիւն կը տիրէր, քան` ինչ որ այսօր գոյութիւն ունի Շուէտի մէջ:

Կոյր Համտեսում

Իրօք, երբ այս փորձարկութիւնը կատարեցինք տարբեր ձեւով, երբ մասնակցողներուն ցոյց տուինք հարստութեան երկու ձեւի բաժանում, մէկը` հիմնուած Միացեալ Նահանգներու տարածքին հարստութեան այժմու բաժանումին վրայ, միւսը` հարստութեան շատ աւելի հաւասար բաժանումի մը, քան ինչ որ այսօր գոյութիւն ունի Շուէտի մէջ, ամերիկացիներուն 92 առ հարիւրը ընտրեց Շուէտի մէջ հարստութեան բաժանումէն աւելի լաւ տարբերակ մը:

Հետեւաբար, ասիկա մտածել կու տայ, թէ երբ ամերիկացիք քայլ մը կը հեռանան իրենց դիրքէն եւ ներկայ վիճակէն, եւ երբ մարդկային ընկերութիւնը վերացական հայեցակէտով մը կը դիտեն իբրեւ մէկ ամբողջութիւն, ապա անոնք կը նախընտրեն շատ աւելի հաւասար ընկերութիւն մը:

Ինչպէ՞ս կարելի է դատել գինիի տեսակ մը, եթէ չենք գիտեր, թէ ուրկէ՛ կու գայ անիկա եւ որքա՛ն կ՛արժէ:

Աւելի՛ն. կայ շատ աւելի հետաքրքրական իրողութիւն մը. մեր ուսումնասիրութեան մասնակցած դեմոկրատներուն 93 առ հարիւրը ընտրած է Շուէտի ընկերութեան մէջ հարստութեան բաժանումէն աւելի լաւ տարբերակ մը: Համեմատութիւնը 90.5 առ հարիւր է` հանրապետականներուն քով: Ճիշդ է, որ համեմատութիւնները տարբեր են, սակայն` ոչ շատ տարբեր:

Այս բոլորը ինծի մտածել կու տան հետեւեալ հարցին մասին. ինչո՞ւ մեր ուսումնասիրութեան մասնակցողները յայտնապէս կը ցանկան այսքան հաւասար ընկերութիւն մը, մինչդեռ քաղաքական գաղափարաբանութեան դիտանկիւնէն` յայտնապէս անոնք չեն փափաքիր նման ընկերութիւն մը:

Ասիկա քիչ մը կը նմանի կոյր աչքերով գինի համտեսելու:

Երբ գինի կը համտեսենք` գիտնալով անոր վաճառանիշն ու գինը, ապա կը գտնուինք այս երկուքին ներգործութեան տակ: Սակայն, երբ գինին կը համտեսենք կուրօրէն, ոչ մէկ հիմք ունինք դատելու զայն, հետեւաբար կ՛օգտագործենք մեր զգայարանները:

Կ՛ենթադրեմ, թէ նոյնը կը պատահի, երբ կը մտածենք արդար ընկերութիւններու մասին: Երբ մաս կը կազմենք սովորական աշխարհին, զայն կը դիտենք մեր ներկայ դիրքէն, այն գաղափարաբանութիւններով եւ անուանակոչումներով, զորս քաղաքագէտներ կը փոխանցեն մեզի: Սակայն ասոնք կ՛աղօտեն իրականութիւնը եւ կ՛աղօտեն մեր բուն ցանկութիւնները:

Իսկ Ռոլսի սահմանումը առիթ կու տայ թօթափելու այս բոլորը եւ կեդրոնանալու հարցին էութեան վրայ, նաեւ անդրադառնալու, թէ մարդիկ ինչպէ՛ս խորքին մէջ կը ցանկան բան մը, որ շատ տարբեր է, իրենց ունեցածէն:

Հարցումը անշուշտ հետեւեալն է. ինչպէ՞ս կարելի է մարդիկ համոզել, որ այս մասին մտածեն աւելի բարձր մակարդակի վրայ եւ ինչպէ՞ս կարելի է զանոնք մղել, որպէսզի գործեն այդ մակարդակին վրայ եւ աւելի լաւ ապագայի մը համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES