Ողիմպիական 2012-ի Արուեստի Բաժնով Երկու Ոսկի Մետալ` Լիբանանը Ներկայացնող Երկու Արուեստագէտներու
Լոնտոնի մէջ կայացած Ողիմպիական խաղերուն զուգահեռ արուեստի բաժինով լիբանանահայ Լենա Քելեքեան եւ Յակոբ Սուլահեան
տիրացան ոսկի մետալներու:
Լոնտոնի մէջ կայացած Ողիմպիականի ընթացքին մարզական խաղերուն կողքին` մշակութային գործունէութեան ծիրին մէջ միջազգային մրցում մը կատարուած էր «Ստեղծագործական քաղաքներու հաւաքածոյ» անուան տակ, Մրցումին նիւթն էր «Չինաստանի հսկայ պատն ու Թէյմզ գետը կը գիրկընդխառնեն աշխարհը», որ կ՛ակնարկէ Ողիմպիականը Պէյճինկէն Լոնտոն փոխանցման երեւոյթին:
Աւելի քան 15 հազար արուեստի գործերէն ընտրուած էր միայն 500 գործ, որոնք օգոստոս 1-7 ցուցադրուած են «Պարպիքան կեդրոն»-ին մէջ: Ցուցահանդէսին բացման հանդիսութեան յաջորդած էր կալա ընթրիք մը, ուր խօսք առած էին Ողիմպիականի միջազգային յանձնախումբի
ատենապետ Ժաք Ռոկ եւ Լոնտոնի քաղաքապետ Պորիս Ճոնզն, ինչպէս նաեւ Անգլիական արտաքին գործերու գրասենեակի տեղակալ Լորտ Հաուուլ եւ Ողիմպիականի միջազգային յանձնախումբի կրթական եւ մշակութային յանձնախումբի նախագահ Րամպիս եւ Անգլիոյ մէջ
Չինաստանի դեսպան Զիաումինկ եւ այլն: Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցած էր նաեւ գեղարուեստական սքանչելի ներկայացում, որուն իրենց մասնկացութիւնը բերած են հանրածանօթ երաժիշտներ:
Քելեքեան արաբական աշխարհէն Լիբանանցի առաջին արուեստագէտն է, որուն գործերը ընտրուած են երկու յաջորդական
Ողիմպիականներու: Այս Ողիմպիականին ան կը տիրանայ իր երկրորդ ոսկի մետալին:
Հարկ է նշել, որ լիբանանահայ այս արուեստագէտներուն շնորհիւ անգլիական մամուլը հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է արաբական
աշխարհին նկատմամբ ընդհանրապէս եւ Լիբանանի մէջ արուեստի շարժման զարգացման զարկ տալու գծով մասնաւորաբար:

