Ռումանիան Գաղթականներու Համար Արգելակ Գօտիի Վերածելու Առաջարկ

«Եուրոմակ» կը գրէ, որ Հոլանտայի ազգայնականները կ՛առաջարկեն Ռումանիան վերածել արգելակ գօտիի այն մարդոց համար, որոնք կը սպասեն Եւրոպական Միութեան անդամ այլ երկիրներու մէջ ապաստանի տրամադրման վերաբերեալ որոշումին:

Առաջարկին հեղինակն է հոլանտական Յանուն ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան կուսակցութեան անդամ Կերտ Վիլտերս: Ըստ անոր, Ռումանիոյ մէջ պէտք է ստեղծուին յատուկ ճամբարներ, ուր հաւաքուին ապաստան ստանալու որոշումին սպասող գաղթականները:

Վիլտերս վստահ է, որ այս ձեւով կարելի պիտի ըլլայ նկատառելի կերպով նուազեցնել Հոլանտայի մէջ գաղթականներու թիւը:

Ռումանիոյ իշխանութիւնները լուրջ կերպով քննադատած են այս առաջարկը: Մասնաւորաբար երկրի արտաքին գործոց նախարար Թիթուս Քորլացիան յայտարարած է. «Հոլանտայի մէջ ընթացող ընտրապայքարին ժամանակ առաւել անհանգստացուցիչ են այսպիսի յայտարարութիւնները, որոնք կը հակասեն Եւրոպական Միութեան օրէնքներուն ու արժեչափերուն»:

 

Share this Article
CATEGORIES