Յունաստանի Վարչապետը Հոլլանտէն Եւս Յաւելեալ Ժամանակ Խնդրած Է
Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարաս Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ հանդիպումին ընթացքին կոչ ուղղած է հակաճգնաժամային բարեփոխումներ կատարելու համար Յունաստանին աւելի երկար ժամանակ տալ:
Նախապէս Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին Սամարաս նշած էր, որ Յունաստան «շունչ քաշելու կարիք ունի»:
Փորձագէտները կը վկայեն, որ Ֆրանսայի նախագահը ամենայն հաւանականութեամբ ականջալուր պիտի ըլլայ Սամարասի խնդրանքին: Ֆրանսուա Հոլլանտ այս հարցը արդէն առանձին քննարկած էր Անկելա Մերքելի հետ:
Ճգնաժամ ապրող Յունաստան Եւրոպական Միութենէն ու Միջազգային դրամական ֆոնտէն տրուող ելեւմտական օժանդակութեան հերթական թղթածրարը ստանալու համար պէտք է նոր բարեփոխումներ կատարէ` ելեւմտական կարծր քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք:
CATEGORIES Միջազգային