Առեւանգուած 11 Լիբանանցիներէն Մէկը Վերադարձաւ Պէյրութ

Հիւսէյն Օմար կը դիմաւորուի իր հարազատներուն կողմէ

Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը անցեալ շաբաթավերջին Լիբանանին բերաւ աւետիս մը, երբ առեւանգուած 11 լիբանանցիներէն մէկը` Հիւսէյն Օմար, ազատ արձակուեցաւ եւ ազատ արձակումէն ժամեր ետք հասաւ Պէյրութ: Օմար Սուրիական ազատ բանակին կողմէ յանձնուեցաւ թրքական ուժերուն` թրքական սահմանին մօտ:

Թէեւ մինչեւ օրս Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցի այլ քաղաքացի Հասսան Մըքտատի մասին ոչինչ յայտարարուեցաւ, սակայն Հիւսէյն Օմար, որ Սուրիական ազատ բանակին կողմէ յանձնուեցաւ թրքական իշխանութիւններուն, Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան ճամբով հասաւ Լիբանան` իր վզին կրելով թրքական դրօշակին ձեւով փողկապ մը:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ Օմար դիմաւորուեցաւ իր հարազատներուն, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններու կողմէ, որոնց շարքին` ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել եւ երեսփոխաններ Ալի Ամմար եւ Ղազի Զաայթեր:

Օդակայանէն կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ Օմար շեշտեց, որ իրեն հետ առեւանգուած մնացեալ 10 լիբանանցիները լաւ վիճակի մէջ են` ընդգծելով, որ իրենք Ազազէն այլ վայր մը փոխադրուած էին նախքան շրջանի ռմբակոծումը:

Օդակայանէն ետք Օմար անմիջապէս ուղղուեցաւ Հայ Սըլլոմ` իր բնակարանը, ուր ընդունուեցաւ մեծ ուրախութեամբ եւ ըստ լիբանանեան սովորութեան` հրավառութեամբ:

Օմար բարի գալուստի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ պաշտօնական անձնաւորութիւններէ, ինչպէս` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն, արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրէն, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելէն, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմէն եւ Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրիէն:

Լսատեսողական լարտուամիջոցներուն իր կատարած յայտարարութիւններուն մէջ Օմար մաղթեց, որ լիբանանեան իշխանութիւններուն ջանքերը շարունակուին` ազատ արձակել կարենալու համար նաեւ մնացեալ տասը լիբանանցիները:

Ան նշեց, որ զիրենք առեւանգող Ապու Իպրահիմը իրեն խոստացած է, որ իրեն հետ առեւանգուած 10 լիբանանցիները հինգ օրէն պիտի վերադառնան Լիբանան:

Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել հաստատեց, որ թրքական իշխանութիւնները բացառիկ գործակցութիւն կը ցուցաբերեն` աւելցնելով, որ ինք Թուրքիոյ գաղտնի սպասարկութեան պետէն նամակ մը ստացած է, որ Անգարա ճիգ չի խնայեր ազատ արձակելու նաեւ լիբանանցի 10 մնացեալ առեւանգուածները` շեշտելով, որ թրքական իշխանութիւնները այս ջանքերը կը կատարեն առանց նախապայման դնելու Լիբանանի մէջ գտնուող երկու թուրք պատանդներուն ազատ արձակումը:

Շարպել աւելցուց, որ իրենք կը սպասեն Թուրքիայէն գալիք նշանի մը, որուն հիման վրայ պիտի ուղղուին Թուրքիա եւ 10 առեւանգուած լիբանանցիները վերադարձնեն Լիբանան:

Իր կարգին, Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալի Ամմար շեշտեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւններուն ընթացքին իրենք մերթ դրական տեղեկութիւններ կ՛ունենային եւ մերթ ժխտական, սակայն միշտ կառչած կը մնային դրական տուեալներուն:

Ամմար մաղթեց, որ Հիւսէյն Օմարի ազատ արձակումը աւետիս մը ըլլայ եւ անոր յաջորդէ մնացեալ 10 առեւանգուածներուն Լիբանան վերադարձը:

«Կը յուսանք, որ առեւանգումները վերջ գտնեն եւ լիբանանցիները ապահով մնան, յատկապէս նկատի ունենալով շրջանին ապրած զգայուն իրավիճակը», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու շաբաթ կէսօրին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ եւ անոնց յայտնեց, թէ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներէն մէկը` Հիւսէյն Օմար, որ Թուրքիա հասած էր, պիտի յանձնուի լիբանանեան իշխանութիւններուն: Ան նշեց, որ Օմար Պէյրութ պիտի փոխադրուի թրքական անձնական օդանաւով մը:

Յայտնենք, որ շաբաթավերջին ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն զօր. Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Զօր. Ապպաս Իպրահիմի այցելեց նաեւ Լիբանանեան – սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի, որ զօր. Իպրահիմի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը` ընկերակցութեամբ շէյխ Ապպաս Զղէյպի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )