Ազրպէյճանը Հրադադարը Խախտած Է Աւելի Քան 300 Անգամ
Համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի բանակի տուեալներուն, 19-25 օգոստոս երկարող ժամանակաշրջանին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական զօրքերու սահմանին վրայ ազրպէյճանական կողմը զինադադարը խախտած է աւելի քան 300 անգամ:
Այդ խախտումներուն ընթացքին ազրպէյճանցի դիրքապահները` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ` հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակած են շուրջ 1500 կրակոց:
Բանակի յառաջապահ զօրամասերը ձեռնպահ մնացած են պատասխան գործողութիւններէ եւ առաջնային գիծի ամբողջ երկարութեամբ` վստահօրէն իրականացուցած են մարտական հերթապահութիւն:
CATEGORIES Հայկական