ՖՈՐՄԻՒԼԱ-1. ՀԵՄԻԼԹԸՆ ԿԱՍԵՑՈՒՑ ՎԵԹԵԼԻ ՅԱՌԱՋԽԱՂԱՑՔԸ

Լուիս Հեմիլթըն

Ֆորմիւլա-1-ի 2011-ի աշխարհի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումը տեղի ունեցաւ նախանցեալ օր` Չինաստանի մէջ:

Մաքլարընի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն յաջողեցաւ կասեցնել գերմանացի Սեպասթիան Վեթելի (Ռետ Պուլ) յառաջխաղացքը` տիրանալով այլ կրան փրիին: Վեթել, որ տիրացած էր տարեշրջանի առաջին երկու կրան փրիներուն, Չինաստանի մէջ հանդիսացաւ երկրորդ` 5″ ուշացումով հասնելով ժամանման գիծ: Հեմիլթըն արձանագրեց 1 ժամ 36′ 58″ արդիւնք մը: Փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ աւստրալիացի Մարք Ուեպըր (Ռետ Պուլ), որ ժամանման գիծ հասաւ 7″ ուշացումով:

Այժմ Վեթել վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ 68 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը: Հեմիլթըն 47 կէտով կը գրաւէ երրորդ դիրքը, մինչ 3-րդ դիրքին վրայ է Ենսըն Պաթըն (Անգլիա, Մաքլարըն), որ ունի 38 կէտ:

 

Share this Article
CATEGORIES