Բժշկագիտական. Թոքերուն Մէջ Խոզանակի Նմանող Բարակ Խաւի Մը Յայտնաբերումը Կրնայ Նպաստել Թոքերու Հիւանդութեան Դէմ Պայքարող Արդիւնաւէտ Միջոցներու Ստեղծման

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Վերջերս ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ թոքերու վրայ կատարուած ուսումնասիրութիւններէն մէկը ցոյց տուած է, թէ շնչափողէն դէպի թոքերը ճիւղաւորուող ցնցղափողերուն վերնամաշկային բջիջներն ու զանոնք ծածկող մազմզուկները օդի անցքերը շրջապատող խլինքէն անջատուած են խոզանակի նմանող շատ բարակ խաւով մը:

Ցարդ մասնագէտներուն մեծամասնութիւնը ունէր ա՛յն կարծիքը, թէ ցնցղափողերուն բջիջներն ու զանոնք ծածկող մազմզուկները օդի անցքերը շրջապատող խլինքէն անջատուած են ջրոտ ու լպրծուն նիւթով մը: Սակայն նշեալ կարծիքը չէր համընկներ ա՛յն իրողութեան հետ, թէ ինչպէ՛ս խլինքը կը պահուէր իրեն յատուկ եղող տարբեր խաւի մը մէջ` առանց խառնուելու այդ լպրծուն նիւթին:

Այսուհանդերձ, նորագոյն ուսումնասիրութիւնը նպաստած է, որ մասնագէտները կարենան յաւելեալ մանրամասնութիւններ գտնել թոքերուն աշխատանքին առնչուող:

Մասնագէտները օգտագործած են տարբեր տեսակի նկարահանման, սարքեր` մանրամասնօրէն հետեւելու համար թոքերուն մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն: Անոնք գտած են, թէ խոզանակի նմանող խաւը բաղկացած է բջիջները պաշտպանող մասնիկներէ, որոնք թոյլ չեն տուած կպչուն խլինքին հասնելու մազմզուկներուն ու վերնամաշկային բջիջներուն` այդպիսով ապահովելով խլինքին բնականոն հոսքը:

Անընդհատ Շարժուն Վիճակի Մէջ Եղող
Մազմզուկները

Ծանօթ է արդէն, թէ թոքերուն հասնող օդը միշտ ալ մաքուր չէ եւ իր մէջ կը պարունակէ վնասակար նիւթեր (օրինակ` մանրէներ, ժահրեր ու քիմիական տարբեր մասնիկներ): Այսուհանդերձ, շնչառութեան համակարգը նման վնասակար նիւթերէ կը ձերբազատի գրեթէ իր բոլոր բաժիններուն մէջ գտնուող կպչուն խլինքին միջոցով, որ իր մէջ կը պահէ այդ նիւթերն ու մասնիկները եւ թոյլ չի տար, որ անոնք մազմզուկներէն ու վերնամաշկային բջիջներէն անցնելով` թափանցեն թոքերուն օդի պարկերուն մէջ եւ այդտեղէն ալ` արեան շրջագայութեան մէջ:

Ինչ կը վերաբերի ցնցղափողերուն վերնամաշկային բջիջները ծածկող մազմզուկներուն, ապա անոնք միշտ օրօրուող վիճակի մէջ եղած են եւ անոնց այդ շարժումը նպաստած է վնասակար նիւթերը պարունակող խլինքին թոքերէն դէպի վեր մղուելուն եւ քիթէն (փռնգտալով) եւ կամ բերնէն (հազալով) դուրս գալուն` այդպիսով ձերբազատուելով այդ նիւթերէն ու մասնիկներէն:

Նախապէս կատարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ նշեալ մազմզուկները շարժուն վիճակի մէջ մնացած են նոյնիսկ մարդոց մահանալէն ժամեր ետք:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ խոզանակի նմանող այդ խաւը եւս կը նպաստէ խլինքին թոքերէն դուրս մղուելու գործընթացին: Անիկա կը պաշտպանէ նաեւ ցնցղափողերուն վերնամաշկային բջիջները եւ իբրեւ երկրորդ պատնէշ կը ծառայէ անոնց, մասնաւորաբար` երբ խլինքին մէջ բանտարկուած մարմնին վնասակար ժահրերն ու մանրէները պատահմամբ դուրս գալով անկէ` փորձեն թափանցել այդ մազմզուկներուն ու բջիջներուն մէջ:

Վնասակար Մանրէներու Ու Ժահրերու Աճին
Եւ
Բազմանալուն Նպաստող Միջավայրը

Մասնագէտները բացատրած են նաեւ, թէ թոքերու կարգ մը հիւանդութիւններու պատճառով կրնան դանդաղիլ մազմզուկներուն աշխուժ շարժումները. այսուհանդերձ, մեծ տարողութեամբ խլինք կը հաւաքուի թոքերուն մէջ` նկատի ունենալով, որ մազմզուկները անկարող կ՛ըլլան զայն դէպի վեր թոքերէն դուրս մղելու: Հետեւաբար թոքերուն մէջ հաւաքուած խլինքը  կը հանդիսանայ իր մէջ բանտարկուած մանրէներուն ու ժահրերուն աճին ու բազմանալուն նպաստող միջավայր մը, որմէ դուրս գալով` կը թափանցեն թոքերուն տարբեր բաժիններուն մէջ եւ ծանրօրէն կը վնասեն շնչառութեան համակարգին:

Մասնագէտները յայտնած են, թէ թոքերու կարգ մը հիւանդութիւններ ո՛չ միայն կը վնասեն մազմզուկներուն, այլ նաեւ` խոզանակի նմանող խաւին, որ կը սկսի հետզհետէ ճզմուիլ` առիթ տալով խլինքին իր մէջ թափանցելու եւ ապա ցնցղափողերուն վերնամաշկային բջիջներուն հասնելու:

Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի մասնագէտ տոքթ. Մայքըլ Ռուպինսթէյն ըսած է, թէ խոզանակի նմանող խաւին վնասուիլը եւս առիթ կու տայ խլինքին կուտակուելուն, անոր պարունակած մանրէներուն ու ժահրերուն պատճառով զօրաւոր բորբոքում կը յառաջանայ թոքերուն մէջ, ինչ որ ի վերջոյ կը յանգի թոքերու հիւսկէններուն փճացման ու թոքերու աշխատանքին կասեցման:

Բրիտանացի այլ մասնագէտ մը` փրոֆ. Սթեֆըն Սփիրօ նշած է, թէ խլինքը ունի կենսաբանական բարդ կերտուածք մը եւ անիկա վնասակար ու գրգռիչ նիւթերուն դէմ պայքարող թոքերու պաշտպանութեան համակարգին կարեւոր մէկ բաժինը կը կազմէ:

Օգտագործուած աղբիւր՝
«Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )