Բժշկագիտական. Կարելի՞ Է Վերստին Գործածել Հոսած Արիւնը…

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Օգոստոսի սկիզբը բրիտանացի խումբ մը մասնագէտներ յայտնաբերած են այնպիսի՛ միջոց մը, որ կարելի դարձուցած է հիւանդէն հոսած արիւնը վերստին ներարկել անոր երակներուն մէջ…:

Ծանօթ է արդէն, որ սրտի բաց վիրաբուժութեան, ինչպէս նաեւ շատ խոր վէրքերու հետ առնչուած տարբեր վիրաբուժութիւններու ընթացքին մարդիկ յաճախ մեծ քանակութեամբ արիւն կը կորսնցնեն, ինչ որ արեան ներարկում կատարելու անհրաժեշտութիւն կը ստեղծէ:

Նման վիրաբուժութիւններու պարագային, մասնագէտներ արդէն իսկ նախօրօք ապահովել կու տան անհրաժեշտ քանակութեամբ արիւն, սակայն արկածներու պարագային, երբ ստիպողական վիճակ կը ստեղծուի, բաւական դժուար կ՛ըլլայ անմիջապէս արիւն ապահովելը, ինչպէս նաեւ` բաւական ծախսալից:

Նշեալ դժուարութիւններուն առընթեր, կայ նաեւ հիւանդին արեան համազօր եղող եւ անոր մարմնին բնական պաշտպանութեան համակարգին կողմէ չմերժուող արիւնը գտնելու հարցը:

Յաճախ մասնագէտները վիրաբուժութեան համար նախօրօք արիւն ապահոված ատեն որոշ քանակութեամբ արիւն կը վերցնեն նոյնինքն հիւանդէն, սակայն նշեալ ձեւը կարելի չէ որդեգրել բոլորին պարագային` նկատի ունենալով, որ կարգ մը հիւանդներ, նախքան վիրաբուժութեան ենթարկուիլը, արդէն իսկ սահմանափակ քանակութեամբ արիւն կ՛ունենան:

Քիմիական Սպունգի
Դերակատարութիւն
Ունեցող Մաշկը

Այսուհանդերձ, վերոնշեալ դժուարութիւնները յաճախ մղած են մասնագէտները մտածելու այնպիսի՛ ձեւերու մասին, որոնք կարելի կը դարձնեն վիրաբուժութիւններու ընթացքին հիւանդին կորսնցուցած մեծ քանակութեամբ արիւնը վերստին ներարկել անոր երակներուն մէջ:

Նշեալ ծիրին մէջ արդէն իսկ քանի մը տարի առաջ կատարուած են որոշ նախափորձեր, սակայն օրին որդեգրուած ձեւերը բաւական ծախսալից ու ժամանակ խլող եղած են:

Իսկ վերջերս բրիտանացի մասնագէտներուն պատրաստած սարքը նուազ ծախսալից եղած է, ինչպէս նաեւ նուազ ժամանակ խլող ու շատ աւելի արդիւնաւէտ եղած է անոր գործածութիւնը: Այսուհանդերձ, նշեալ սարքը համեմատաբար փոքր ու թեթեւ եղած է նախապէս պատրաստուած սարքերէն: Անիկա անընդհատ շարժած է հիւանդէն հոսած արիւնը` կասեցնելու համար անոր լերդացումը: Ապա արիւնը անմիջապէս հաւաքուած է յատուկ կերպընկալէ տոպրակի մը մէջ, որ պարունակած է բազմաբնածխատ նիւթով կազմուած մաշկ մը: Նշեալ մաշկը քիմիական սպունգի մը նման եղած է, որ ներծծած է այն անբաղձալի ջրարիւնը, որ վիրաբուժութեան ատեն նօսրացուցած է արիւնը:

Այսուհանդերձ, մաշկին վրայ պահուած են հիւանդին արեան կարմիր ու ճերմակ գնդիկները, ինչպէս նաեւ` կարգ մը կարեւոր բնասպիտներ ու արիւնը լերդացնող բաղկացուցիչներ: Նշեալ բջիջներու ու բաղկացուցիչներու խառնուրդը կարելի եղած է ներարկել հիւանդին երակին մէջ` այդպիսով վերադարձնելով իր կորսնցուցած արիւնէն որոշ քանակութիւն մը:

Մարմնի Բնական Պաշտպանութեան Համակարգի
Տարբեր
Աստիճանի Հակազդեցութիւններ

Նորագոյն սարքը պատրաստուած է Սկովտիոյ համալսարաններէն մէկուն մէջ` բրիտանացի մասնագէտ փրոֆ. Թերի Կուռլէյի գլխաւորութեամբ:

Փրոֆ. Կուռլէյ բացատրած է, թէ որքան ալ հիւանդին ներարկուելիք օտարի մը արիւնը համազօր ըլլայ անոր արեան բաղկացուցիչներուն, այսուհանդերձ, հիւանդին մարմնին բնական պաշտպանութեան համակարգը տեղ մը անպայմանօրէն կը հակազդէ անոր: Նման հակազդեցութիւններ ընդհանրապէս աննկատ կ՛անցնին, սակայն կարգ մը հիւանդներու պարագային անոնք ուշագրաւ կերպով կը յայտնուին եւ յաճախ ծանր հետեւանքներ կ՛ունենան անոնց առողջութեան վրայ` յատուկ դեղամիջոցներով դարմանումի անհրաժեշտութիւն ստեղծելով:

Իսկ երբ հիւանդի՛ն արիւնը ըլլայ անոր երակին մէջ ներարկուողը, ապա նման հակազդեցութիւններ չեն յայտնուիր` նկատի ունենալով, որ հիւանդին մարմնին բնական պաշտպանութեան համակարգը «օտար» չի նկատեր այդ արիւնը:

Մէկ Տոպրակ Արիւնը`
Հազար
Վեց Հարիւր Տոլա՞ր

Բրիտանացի մասնագէտներուն պատրաստած սարքը արդէն իսկ փորձարկուած է աւելի քան հարիւր սրտի բաց վիրաբուժութիւններու ընթացքին: Նշեալ փորձարկումներէն խոստմնալից արդիւնքներ ձեռք ձգուած են:

Մասնագէտները ըսած են, թէ սարքը արդէն իսկ ծախուած է Եւրոպական Միութեան անդամակցող տարբեր երկիրներու, ինչպէս նաեւ` Քանատայի:

Փրոֆ. Կուռլէյ ըսած է, թէ կարգ մը երկիրներու մէջ մէկ տոպրակ (հինգ հարիւր միլլիլիթր) արեան գինը կրնայ հասնիլ մինչեւ հազար վեց հարիւր տոլարի, իսկ այդ արեան վրայ կատարուելիք անհրաժեշտ քննութիւններուն առնչուած արտադրութիւնները միլիառաւոր տոլարներ շահ կ՛ապահովեն համապատասխան ընկերութիւններու:

Պէտք է նշել, թէ օտարէ մը վերցուած արիւնը, նախքան հիւանդին ներարկելը, կ՛ենթարկուի տարբեր հիւանդութիւններու հետ առնչուած քննութիւններու, ինչպէս նաեւ` հիւանդին արեան համազօր ըլլալը ապացուցող քննութիւններու, որոնցմէ ետք է միայն, որ կը վաւերացուի անոր ներարկումը:

Օգտագործուած աղբիւր՝ «Պի. Պի. Սի.»

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )