«Մութնուլուսային Տեսիլքներ Հայկական Լոս Անճելըսէն» (Հեղինակ` Վահան Վահանեան)(Ճանսըզեան)
2011-ին Լոս Անճելըսի մէջ «Նոր Հայաստան» օրաթերթը Երեւան-Կլենտէյլ տպարանէն լոյս ընծայեց Վահան Վահանեանի «Մութնուլուսային տեսիլքներ հայկական Լոս Անճելըսէն» խորագրեալ արձակ գործը` մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Հերի Տիրամարեաններուն: Հատորը կը բաղկանայ 256 էջերէ եւ կ՛ընդգրկէ 137 գրութիւններ:
Վահան Վահանեան ծնած է 1939-ին, Պուրճ Համուտ, Լիբանան: Յաճախած է Պէյրութի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի նախակրթարանը: Ապա, 1952-1958 կրթական տարեշրջաններուն ուսանած է Զմմառի հայ կաթողիկէ դպրեվանքը: 1958-1961 տարիներուն հետեւած է պաքալորէայի եւ փիլիսոփայութեան դասընթացքներուն: Իսկ 1961-1978 տարիներուն վարած է ուսուցչական պաշտօն` Պէյրութի կարգ մը վարժարաններու մէջ, աշխատակցելով միաժամանակ ֆրանսատառ եւ հայատառ մամուլին:
1978-ին ընտանեօք կը հաստատուի Լոս Անճելըս, ուր կը հիմնէ «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթը: 1992-ին կը հրատարակէ «Նոր Հայաստան» ամսագիրը, որ 1994-ին կը դառնայ օրաթերթ:
Վահան Վահանեան ցարդ լոյս ընծայած է հետեւեալ հինգ հատորները.
1.- «La Symphonie des cèdres» ֆրանսերէնով գրուած վէպ, որ կը թարգմանուի հայերէնի «Մայրիներու համանուագը» խորագրի տակ:
2.- «Մեր հայելին» (սլաքներ):
3.- Արա Պալիօզեանի «Մեծ միտքերը եւ մենք» խորագրեալ անգլերէն գիրքին թարգմանութիւնը:
4.- «Հայ խմբագրի օրատետրէն փրցուած էջեր»:
5.- «Մութնուլուսային տեսիլքներ հայկական Լոս Անճելըսէն»:
Պէտք է ըսել, որ սոյն գործը չի թաւալիր հիմնական թեմայի մը շուրջ: Հեղինակը կ՛արտայայտէ այլազան մտածումներ, որոնք առնչուած են առօրեայ կեանքի բարքերուն հետ: Ան կը բացայայտէ իր կարծիքները «յախուռն ու կծու խօսքերով»: Իր յանդուգն գաղափարներով կ՛ուզէ պաշտպանը հանդիսանալ խօսքի եւ մտածումի ազատութեան: Կը խայթէ անվարան յոռի սկզբունքներու հետամուտ բոլոր մարդերը: Այս յղացքով կ՛ըսէ. «Ես խայթելով կ՛ապրիմ, այդպիսով կը սնանիմ, ի՛նչ ընեմ, ձեռքս չէ»: Առանց ծամելու բառերը` կը պարզէ այն ճշմարտութիւնը, թէ իր խայթոցներուն գլխաւոր թիրախը լոսանճելըսեան Արշակաւանն է, որուն բազմերանգ տիպարներով կը գոյանայ հատորին բովանդակութիւնը: Այնքան շատ են զարտուղի յատկութիւններով օժտուած այդ տիպարները, որ կարելի չէ համապարփակ եւ ճշգրիտ պատկերը տալ անոնց:
Ինչ կը վերաբերի իր խայթոցներուն, Վահան Վահանեան կը հաստատէ, թէ ինք չի հաւատար բոլոր անոնց, որոնք` «Կ՛ըսեն, թէ հայերը զիրար կը սիրեն»: Այս համոզումով, հեղինակը կը թուէ կարգ մը դիպուկ օրինակներ` փաստելու համար մէջբերուած խօսքին վաւերական հանգամանքը:
Ըստ Վահանեանի, կարելի չէ Ամերիկա ապրիլ եւ ըլլալ հաւատացեալ եւ ազգասէր: Այս իրողութեամբ, ան կը շեշտէ. «Ազգ եւ հայրենասիրութիւն, աղօթք եւ հաւատացեալի վիճակ` երբեք հաշտ չեն իրարու հետ, Ամերիկայի մէջ»:
Շարունակելով արձակել ժամանակակից սովորութիւններու դէմ իր խայթոցները` հեղինակը կ՛արտայայտէ այն կարծիքը, թէ աղքատը չի կրնար արժանանալ կաթողիկոսական շքանշանի, տրուած ըլլալով, որ այդ պատիւին կ՛արժանանայ մեծահարուստը միայն:
Կ՛ամբաստանէ մարդկութիւնը այն իրողութեամբ, թէ մարդիկ աշխարհի ստեղծագործութենէն ի վեր փոխանակ մեռնելու բնական մահով` մեռած են առաւելաբար զիրար սպաննելով:
Կ՛այպանէ այն ագահ մարդերը, որոնք ընթերցողներուն ձրիաբար բաշխուած թերթերու մէջ կ՛ուզեն, որ անվճար տպուին իրենց գովազդները:
Ըստ Վահանեանի, Լոս Անճելըս եւ Արշակաւան քաղաքները շատ մը երեւոյթներով յար եւ նման են իրարու: Թէ` հայկական Լոս Անճելըսը ներկայիս հարազատ պատկերն է գողերու, ոճրագործներու, հաշիշամոլներու եւ խաղամոլներու որջ դարձած 4-րդ դարու Արշակաւան քաղաքին:
Ըստ հեղինակին, ներկայ Թուրքիան կազմուած է Հայաստանէն, Բիւզանդական կայսրութենէն, Սուրիայէն եւ Յունաստանէն խլուած հողային ընդարձակ տարածութիւններով: Հետեւաբար ան կը թելադրէ, որ թուրքերը յանձնեն յիշեալ հողերը իրենց իրաւատէրերուն եւ վերադառնան Կեդրոնական Ասիա:
Ապա Վահան Վահանեան լուսարձակի տակ կ՛առնէ Լոս Անճելըս քաղաքի հայերուն վերագրուած կարգ մը եպերելի արարքներ:
Այսպէս, նկարագրելով հայկական հարսանիք մը, հեղինակը կ՛ըսէ, թէ հարսնեւորները խունկով եւ աղօթքով սրբագործուած սուրբ պսակի արարողութենէն ետք յաճախ կ՛երթան խրախճանքի, ոչ թէ շնորհաւորելու նորապսակ ամոլը, այլ ծեծելու զիրար` քինախանձ տրամադրութեամբ:
Կ՛ըսէ, թէ պէտք չէ խեղաթիւրենք խորհուրդը եկեղեցական տօներու, ինչպէս` Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը կամ Յարութիւնը, սարքելով ճոխ սեղաններ եւ գնելով փարթամ զգեստներ, որովհետեւ, յիշեալ տօները մեզ խորհրդածութեան մղող աղօթքի եւ խոկումի պահեր են միայն, եւ չունին որեւէ առնչութիւն աշխարհիկ կեանքի վայելքներուն հետ:
Հեղինակը կը փոխանցէ այն մտածումը, թէ երբ մեռնինք, կը թաղուինք մոռացութեան փոշիներուն տակ: Մեր մահէն կարճ ժամանակ ետք ոչ ոք կը յիշէ մեզ:
Վահանեան անզուսպ ոգեւորութեամբ կը քննադատէ շրջապատի բոլոր մարդերը: Իր քննադատութիւններէն զերծ չի մնար ոեւէ մէկը:
Այսպէս, կը խայթէ դրամի սիրահարները, որոնց համար փողը ինքնանպատակ երեւոյթ է:
Կը քննադատէ անձնասէրները, որոնց մտասեւեռումին առանցքը կը կազմեն իրենց եսն ու սեփական շահագրգռութիւնները:
Կը խայթէ կեղծաւորները, որոնք իրենց նպատակին հասնելու համար հազար եւ մէկ հնարքներ կը գործադրեն:
Կ՛ըսէ, թէ աններելի մեղք է նախանձով եւ խաբէութեամբ հիմնաւորուած մրցակցութիւնը: ԹԷ` ներելի է մրցակցութիւնը այն պարագային միայն, երբ մարդ կը ձգտի «գեղեցիկին, լաւագոյնին եւ հզօրագոյնին»:
Կ՛այպանէ այն կիները, որոնք պատշաճ զգեստներով չեն երթար եկեղեցի ու չեն վերանար սուրբ պատարագի արարողութեամբ:
Վահան Վահանեան ազգային ցաւ կը կոչէ Երեւանի փողոցներուն մէջ տիրող այն տխուր իրավիճակը, ուր հայ մուրացկաններ ողորմութիւն կը հայցեն անցորդներէն:
Կը թելադրէ, որ մենք, անբուժելի հիւանդութենէ դեռ չվարակուած, հրաժարինք մեր մեղքերէն եւ հաշտարար ոգիով նայինք մեր բարեկամներուն, որպէսզի պատեհ առիթը ունենանք զղջալու եւ հաշիւ ներկայացնելու մեր Երկնաւոր Տիրոջ…
Եզրափակելով «Մութնուլուսային տեսիլքներ հայկական Լոս Անճելըսէն» խորագրեալ գործի մասին մեր կարծիքները` կ՛ուզենք հաստատել, թէ ժամանակակից դարու ընկերային յոռի սկզբունքներուն դէմ ուղղուած Վահան Վահանեանի քննադատութիւնը արդար է եւ գնահատելի: Ուղղամտութիւնը եւ յանդգնութիւնը կը կազմեն գլխաւոր յատկանիշները իր նկարագրին, որոնք արդիւնք են որքան իր սեփական խառնուածքին, նոյնքան նաեւ վանական միջավայրէն իր ստացած կրօնաշունչ դաստիարակութեան: Ահա թէ ինչո՛ւ հեղինակին առաջադրանքն է անաղարտ պահել մեր ազգային մաքուր դիմագիծը` պայքարելով օտարամոլութեան եւ այլասերումի դէմ:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ
Դեկտեմբեր, 2011
Պէյրութ