Իրան Ազրպէյճանի Մէջ Նոր Դեսպան Նշանակած Է
«1news.az» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Իրան Ազրպէյճանի մէջ դեսպան նշանակած է Մոհսեն Փաք Այինին:
Իրանցի դիւանագէտին Պաքու մեկնումը կ՛ակնկալուի յաջորդ շաբաթ: Փաք Ային նախապէս դիւանագիտական առաքելութիւններ կատարած է Թայլանտի, Ուզպեքիստանի եւ Զամպիոյ մէջ:
Յայտնի դարձած է նաեւ, որ Ազրպէյճանի մէջ Իրանի գործերու նոր ժամանակաւոր հաւատարմատար նշանակուած է Տաւուտ Չերմին:
Պաքուի մէջ Իրանի նախկին դեսպան Պահրամիի առաքելութեան ժամկէտը աւարտած էր յունիսին, սակայն այդ ժամանակէն ի վեր Իրան նշանակում չէր կատարած` երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական լարուածութեան պատճառով:
CATEGORIES Միջազգային


