Քիւրտերու Եւ Թրքական Ոստիկանութեան Միջեւ Բախումները Քանի Մը Ժամ Տեւած Են
Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը բախումներ տեղի ունեցած են Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) համակիրներու եւ ոստիկանութեան միջեւ: Քանի մը ժամ տեւած բախումներուն պատճառը այն է, որ թրքական իշխանութիւնները քիւրտերուն արգիլած են ՔԱԿ-ին աջակցող հանրահաւաք կատարել:
Հազարաւոր ցուցարարներ քարերով եւ դիւրավառ նիւթերով յարձակած են ոստիկաններու վրայ: Ի պատասխան` ոստիկանները արցունքաբեր կազով նռնակներ եւ ջրաշիթ մեքենաներ օգտագործած են: Իշխանութիւնները մինչեւ իսկ զրահամեքենաներ իջեցուցած են փողոցներ: Զոհերու եւ վիրաւորներու մասին ոչինչ կը հաղորդուի: Ձերբակալուած են տասնեակ մը մարդիկ:
Յիշեցնենք, որ թուրք-քրտական տագնապը արդէն 28-ամեայ պատմութիւն ունի: Թէեւ Անգարա ՔԱԿ-ը ճանչցած է իբրեւ ահաբեկչական կազմակերպութիւն, սակայն ՔԱԿ-ի զինեալները կը պնդեն, որ իրենք պայքար կը մղեն յանուն քրտական ինքնավարութեան:

