Վ. Սապունճեան Կը Ծրագրէ Տնտեսական Դռնփակ Հանդիպում Մը
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ յայտնեց, որ ինք կը ծրագրէ նախաձեռնութիւն մը, որուն հիման վրայ պիտի գումարուի տնտեսական դռնփակ հանդիպում մը` պետական եւ սեփական մարզերու տնտեսագէտներուն եւ տնտեսական մարզերու մէջ գործող պաշտօնատարներուն համար:
Նախարար Սապունճեան հաստատեց, որ պէտք է սերտել ներկայ հանգրուանը եւ յարմար առաջարկներ ներկայացնել այդ առումով:
Վ. Սապունճեան աւելցուց, որ այս մասին ինք տեղեակ պահած է տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Նիքոլա Նահհասը եւ այս մասին քննարկումներ կատարած Տնտեսական խորհուրդներու նախագահ Ատնան Քասսարի հետ:
Վ. Սապունճեան շեշտեց, որ պէտք է Լիբանանի վերջին եօթը տարուան տնտեսական կացութիւնը մանրամասն քննարկել, ինչպէս նաեւ ապագայ ծրագիրներ մշակել` տնտեսական բարգաւաճման նպատակով:
CATEGORIES Լիբանանեան