Վարչապետ Միքաթի Նախագահեց Ապահովական Նիստերու
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ նախագահեց ապահովական նիստերու, որոնց ընթացքին քննարկեց Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ գործուող առեւանգումներուն մանրամասնութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի ապահովական կառոյցներէն պահանջեց իրենց հետաքննութիւնները կատարել` բացայայտելու համար առեւանգող կողմերը, ինչպէս նաեւ ազատ արձակելու համար բոլոր առեւանգուածները:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ առեւանգուած լիբանանցիներու թղթածրարին վերաբերող զարգացումները:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Տաուհաթ Հըսի մէջ շաբաթ առաւօտեան կանուխ ժամերուն երկու քաղաքացիներու դէմ գործուած ոճիրին վերաբերող հարցեր:
Վարչապետ Միքաթի ներքին գործոց եւ արդարութեան նախարարներէն պահանջեց այս ոճիրին մասին բացուած հետաքննութիւնը արագացնել եւ ստուգել անոր դրդապատճառները` նկատի ունենալով շրջանին մէջ այդ սպանութեան պատճառած լարուածութիւնը եւ կուսակցութիւններուն միջեւ տարակարծութիւնները:
Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին, որուն հետ քննարկեց Թրիփոլիի մէջ բանակին որդեգրած ապահովական ծրագիրին գործադրութեան մանրամասնութիւնները` այդ շրջանին մէջ ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Վարչապետը զօր. Քահուաժիէն պահանջեց շարունակել խիստ միջոցառումներու որդեգրումը` երկրին ապահովական կացութիւնը հակակշիռի տակ պահելու եւ յանցագործները ձերբակալելու իմաստով:
Վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Թրիփոլիի իր բնակարանին մէջ գումարուած նիստին ընթացքին վերահաստատուած է լիբանանեան բանակին նկատմամբ զօրակցութիւնը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի, որուն հետ վարչապետ Միքաթի քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Վարչապետ Միքաթիի այցելեց նաեւ Պաալպեք-Հերմելի բարգաւաճման յատուկ նախարարական յանձնախումբը, որուն մաս կազմեցին պետական նախարար Փանոս Մանճեան, խորհրդարանի հարցերու պետական նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշ, ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի, ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել:
Հանդիպումէն ետք յանձնախումբին անունով խօսք առաւ Հիւսէյն Հաժ Հասան, որ յայտնեց, թէ յանձնախումբին մէջ կատարեալ համաձայնութիւն կայ Պաալպեք-Հերմել շրջանին մէջ իրագործուելիք բարգաւաճման ծրագիրներուն նկատմամբ:
Հաժ Հասան շեշտեց, որ այդ ծրագիրներուն մաս կը կազմեն ճակընթեղի ցանքը, ոռոգման որոշ ծրագիրներ, անասնապահութիւնը եւ հողագործութեան արդիականացումը: Ան շեշտեց, որ այս ծրագիրները մօտիկ ապագային պիտի գործադրուին: