Սփիւռքի Նախարարը Ներկայ Գտնուեցաւ Սուրիահայերու Համար Կազմակերպուած Արեւելահայերէնի Արագացուած Դասընթացքներուն

Լուսանկարը` Գաբրիէլ Փանոսեանի

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան երէկ այցելեց Ս. Շահումեանի անուան թիւ 1 դպրոց, ուր տեղի կ՛ունենան արեւելահայերէնի արագացուած դասընթացքները սուրիահայերուն համար:

Դասերը կ՛ընթանան 3 խումբերով եւ անոնց կը մասնակցին շուրջ 50 սուրիահայեր:

Հ. Յակոբեան Երեւանի քաղաքապետարանի կրթութեան վարչութեան պետ Գայեանէ Սողոմոնեանի ուղեկցութեամբ մասնակցեցաւ երեք խումբերու ուսումնական հոլովոյթին եւ զրուցեց արեւելահայերէն սորվող սուրիահայերուն հետ:

Զրոյցներու ընթացքին պարզուեցաւ, որ մեծաւ մասամբ իւրացուած են արեւելահայերէն քերականութեան օրէնքները, արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն լեզուներու քերականական ակնյայտ տարբերութիւնները: Ներկայիս սուրիահայերու կողմէ առաւելապէս կը բարձրաձայնուին բանաւոր խօսքին մէջ բաղաձայն հնչիւններու արտաբերման տարբերութիւնները, որոնք ալ պիտի յաղթահարուին ժամանակի եւ շփումներու ընթացքին:

Փոքր տարիքային խումբի դասարանին մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարարը անհատապէս ծանօթացաւ աշակերտներէն իւրաքանչիւրին:

Աւագներու խումբին մէջ խնդիրները աւելի առարկայական էին. սուրիահայերը անգամ մը եւս բարձրացուցին անձնագիրերու, այցեգիրերու ժամկէտերու, կրթութեան պայմաններու եւ աշխատավայրերու վերաբերեալ հարցադրումներ: Նախարար Յակոբեան պատասխանեց բարձրացուած իւրաքանչիւր խնդիրի, ուղղորդեց համապատասխան նախարարութիւն` անգամ մը եւս ծանուցելով սուրիահայերուն պետական մակարդակով տրուող արտօնութիւնները: Բացի ծրագրային աջակցութենէն, որ ամէն օր կ՛իրականացնէ նախարարութիւնը, նախարարը առաջարկեց շարք մը իրավիճակային լուծումներ` կապուած փաստաթուղթերու տեղափոխման, հանրակրթական դպրոցներուն կամ այլընտրանքային դպրոցներուն մէջ սուրիական ծրագիրով դասարաններու մէջ տեղաւորուելու հետ:

Մանկավարժ Էմմա Վարդանեան վստահեցուց, որ երեխաները մեծ ոգեւորութեամբ կը սորվին հայոց  ոսկեղենիկ մայրենիի միւս ճիւղը` արեւելահայերէնը:

Հ. Յակոբեան նաեւ տեղեկացուց, որ արդէն հաշուառուած են շուրջ 15 սուրիահայ մանկավարժներ, որոնք ցանկութիւն յայտնած են ներգրաւուելու կրթական հոլովոյթին մէջ եւ դասաւանդել սուրիական ծրագիրով դասարաններուն մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES